5 Մայիսի, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ Ա.Մ. ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ընդառաջելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանին եւ Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին, այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Ա.Մ. Էմիրութիւններ։

Հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը պիտի ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ։ Բացումը պիտի կատարէ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, «Արա Խանոյեան» Ազգային Վարժարանին եւ «Սուրէն Գոժագեան» սրահին։ Հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմական մարմիններու, ինչպէս նաեւ պետական պատասխանատուներու հետ, ներկայ պիտի գտնուի իր Կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 20 ամեակին նուիրուած ձեռնարկին։

Յիշեալ այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին պիտի ընկերանան Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան եւ Լսատեսողական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։

 
 
 
 

More News