5 May, 2016

Նոր Հրատարակութեան Առիթով

Մեծ ուրախութեամբ կ’ուզենք յայտնել ձեզի, թէ Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու Բաժանմունքը լոյս կեանքի կոչեց իր 2-րդ գրքոյկը, որ կը կրէ` «Հայ մօր կոչումը իր զաւակներուն նկատմամբ» խորագիրը:

Աստուածաշունչէն եւ սուրբ հայրերէն վկայակոչութիւններ կատարելով, սոյն գրքոյկին ճամբով ցոյց տուած ենք, թէ ի´նչ է հայ մօր կոչումը իր զաւակներուն նկատմամբ, եւ թէ` ո´վ է իսկական մայրը:

Մեր սրտի ջերմ փափաքն ու մաղթանքն է, որ իւրաքանչիւր հայ մայր իր ձեռքին մէջ ունենայ այս գրքոյկէն, եւ անոր լոյսին ներքեւ ինքզինք եւ իր մայրութեան աստուածատուր կոչումը քննէ եւ ուղղէ:

Թող որ այս գրքոյկը կենսարար նշխարի նման իր տեղը գտնէ իւրաքանչիւր հայ մօր սրտի սկիհին մէջ:

More News