14 March, 2016

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ «ԿՐՕՆՔ ԵՒ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆ» ԽՈՐԱԳՐՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

 

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը 3-4 Մարտ 2016-ին, կազմակերպած էր խորհրդակցական հանդիպում մը Պոսէի մէջ, որուն հրաւիրուած էին տարբեր մասնագիտական բնագաւառներէ ընտրուած սեղմ թիւով անհատներ: Սոյն խորհրդակցական հանդիպումին նպատակն էր քննարկել եւ բիւրեղացնել Ե.Հ.Խ.-ի կողմէ պատրաստուած թղթածրար մը «Կրօնք եւ Բռնութիւն» (Religion and Violence) խորագրով, որ կը միտի վերածուիլ Ե.Հ.Խ. ուղեգիծին՝ այս նիւթին առնչութեամբ, Գործադիր ու Կեդրոնական Վարչութիւններու որդեգրումէն եւ վաւերացումէն ետք: Սոյն խորհրդակցական հանդիպումին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան- Գապաքեան:

 

Մեկնելով Ե.Հ.Խ-ի «բռնութեան շրջանցում»ի երկար տարիներու աւանդէն, վերոնշեալ թղթածրարը կը վերլուծէ կրօնքի եւ բռնութեան փոխազդեցութիւնը ու անոնց դրսեւորումը այսօրուան աշխարհի տագնապներուն մէջ, տալով Ե.Հ.Խ-ի յատուկ կեցուածքն ու մօտեցումը այս հարցին առնչութեամբ: Թղթածրարի քննարկման ընթացքին, Դոկտ. Պայրագտարեան շեշտած է, թէ կրօնքի եւ բռնութեան փոխազդեցութիւնը կարելի չէ ընդհանրական մօտեցումով բանաձեւել եւ եզարակացութիւններու յանգիլ։ Անհրաժեշտ է նկատի ունենալ սոյն երեւոյթը դրսեւորող իւրաքանչիւր տագնապի շրջագիծն ու պայմանները, հաստատելով թէ կրօնքի հիմնաւորումները չեն կրնար բռնութեան առաջնորդել, այլ անհատներն են որոնք կրօնքի պիտակը շահագործելով բռնարարքներու կը դիմեն:

 

Դոկտ. Պայրագտարեան մէջբերելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մէկ գիրքէն հաստատած է, թէ կրօնքի քաղաքականացումն ու անհատներու կողմէ անոր շահագործումն է, որ կը դրսեւորուի այսօրուան աշխարհին մէջ կրօնի անունով մղուած բռնութեան ընդմէջէն, որ յաճախ կ’առաջնորդէ սխալ մեկնաբանութեանց: Ան նաեւ շեշտած է, թէ Ե.Հ.Խ.-ի կեցուածքը այս հարցին առնչութեամբ պէտք չէ ինքնանպատակ ըլլայ, այլ պէտք է դրսեւորէ համադրումը այլ կրօններու հետ, զանոնք հրաւիրելով նմանօրինակ բռնութիւնները դատապարտելու կեցուածքին:

 

Հանդիպումի վերջին նիստը վարեց Դոկտ. Պայրագտարեան։ Նիստի ընթացքին քննարկուեցան այլազան երկիրներու մէջ առկայ բախումներու օրինակներն ու անոնց բնութագրումը կրօնի տուեալին շահագործման հիմքով, ինչպէս նաեւ Ե.Հ.Խ.-ի յառաջիկայի առաջադրանքներն ու ուղեգիծը «Կրօնք եւ Բռնութիւն» նիւթին առնչութեամբ:

 

 

 

*

*   *

 

Ե.Հ.Խ.-Ի ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – 8-11 Մարտ 2016-ին, Ժընեւի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, տեղի ունեցաւ Խորհուրդի Միջազգային Հարցերու յանձնախումբի ժողովը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն ժողովին մասնակցեցաւ յանձնախումբի անդամ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան- Գապաքեան: Սոյն յանձնախումբը կը գծէ Ե.Հ.Խ.-ի արտաքին աշխարհի կապուած ընկերաքաղաքական աշխատանքի ուղիներն ու առաջնահերթութիւնները եւ ունի 5 ենթայանձնախումբեր.-

 

1.- Խաղաղութեան Կերտում (Peace building)

2.- Մարդկային Իրաւունքներ

3.- Ապաքաղաքացիութիւն եւ Գաղթականութիւն

4.- Կենսոլորտի եւ Տնտեսական Արդարութիւն

5.- Մարդկային Արժանապատուութիւն, Երիտասարդներու Անգործութիւն եւ Ծառայութիւն (Diakonia):

 

Լիագումար նիստերու ընթացքին, ժողովը ընդգրկեց «Թեմաթիք» ներկայացումներ եւ քննարկումներ վերոնշեալ բնագաւառներու առնչուող նիւթերով, օրինակ՝ Amnesty International-ի ներկայացուցիչներ զեկուցեցին մահապատիժի եւ մարդկային իրաւունքներու մասին, Մ.Ա.Կ.-ի յատուկ պաշտօնավար (Special Rapporter) Heiner Bielefelalt կրօնքի ազատութիւն եւ բռնութիւն նիւթին շուրջ, Կիյիրմօ Քէրպեր զեկուցեց Paris COP-21-ի զուգահեռ կատարուած աշխատանքներու մասին, Սալբի Էսկիճեան- Վետրուտ եւ Փիթըր Վետրուտ զեկուցեցին Կիպրոսի մէջ կատարուած միջ-կրօնական հաշտարարական քայլերու մասին, եւայլն:

 

9 Մարտին ժողովը այցելեց Մ.Ա.Կ.ի-ի Ժընեւի կեդրոնատեղին եւ ներկայ եղաւ Մ.Ա.Կ.-ի Մարդկային Իրաւանց յանձնաժողովի հերթական ընթացիկ ժողովի մէկ նիստին:

 

Դոկտ. Պայրագտարեան իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերաւ ժողովի լիագումար բոլոր նիստերուն, ուր ան ներկայացուց նաեւ Ե.Հ.Խ.-ի «Կրօնք եւ Բռնութիւն» խորագրով աշխատանքային թղթածրարն ու ուղեգիծը: Ան մաս կազմեց նաեւ «Խաղաղութեան Կերտում» ենթայանձնախումբին, որուն ընթացքին ծրագրուեցան Ե.Հ.Խ.-ի արտաքին բեմին վրայ կատարուելիք աշխատանքի հորիզոնները, ուր առանձին ուշադրութեան արժանացան բռնութեան եւ բախումի ենթակայ կարգ մը երկիրներ, որոնց շարքին առանձնաբար շեշտուեցան Գոնկո, Նիժերիա, Պաղեստին եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը։ Նաեւ քննարկուեցաւ Ե.Հ.Խ.-ի մասնակցութիւնը Մ.Ա.Կ.-ի կատարած ապազինման քարոզչական աշխատանքներուն, յատկապէս Մ.Ա.Կ.-էն ներս Ե.Հ.Խ.-ի գրասենեակին ճամբով:

 

Ժողովը որդեգրեց նաեւ բոլոր ենթայանձնախումբերուն ներկայացուցած աշխատանքային մարզերուն առաջնահերթութիւնները:

 

            Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան – Գապաքեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-Եկեղեցական յանձնախումբի ատենապետն է եւ Միջազգային Օրէնքի դասախօսն է Լիբանանի Համալսարանէն ներս։

More News