29 April, 2016

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱՓԱԿԷՆ ՆԵՐՍ  «ՄԵԾ ՍՈՎԸ» ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

 

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեծ Սովը» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնն ու ներկայացումը, բեմադրութեամբ` Փօլ Ֆարշախին: Ձեռնարկին ներկայ էին պետական երեսփոխաններ, պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր: Արաբական պատկերասփիւռի հանրածանօթ դէմքերէն Ժորժ Քըրտահիի խօսքէն ետք ներկայացուեցաւ Փօլ Ֆարշախի «Մեծ Սովը» վաւերագրական ժապաւէնը, որ կը խօսի 1914-1918 թուականներուն Լեռնալիբանանի մէջ տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւններուն մասին: Ապա, բեմադրիչ Փօլ Ֆարշախ խօսք առնելով ըսաւ. «Վա՜յ գանկերու վրայ կառուցուած այն ազգին, որուն զաւակները չեն գիտեր, թէ որո՛ւ կը պատկանին այդ գանկերը», ակնարկելով Օսմանեան Պետութեան կողմէ 1915-1918 թուականներուն Լեռնալիբանանի մէջ կազմակերպուած «Մեծ Սովը» նենգ ծրագրին, որուն զոհ գացին շուրջ 200 հազար անմեղ բնակիչներ, եւ որուն մասին այսօր լիբանանցի ժողովուրդը շատ բան չի գիտեր։

 

More News