15 Հունիսի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

Շաբաթ 15 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Զօրավար Միշէլ Սլէյմանին եւ հանդիպում ունեցաւ իր հետ նախագահական ապարանքին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Յունիս 12-14-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Ազգային Ընդհանուր Ժողովի մասնակցող Թեմակալ Առաջնորդներէն ու ժողովականներէն 30 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Նախագահին որ իր կատարած այցելութիւններուն ճամբով Լիբանանի ներկայութիւնը ու դերակատարութիւնը կը շեշտէ միջազգային համայնքէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի ու լիբանանեան Սփիւռքի յարաբերութիւնը ու գործակցութիւնը աւելի կ’ամրապնդէ: Խօսելով Միջին Արեւելքի կացութեան մասին, Վեհափառ Հայրապետը իր մտահոգութիւնը յայտնեց յատկապէս անոր ունեցած ժխտական անդրադարձին շրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ։ Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ բացատրութիւններ տուաւ Նախագահին Ազգային Ընդհանուր Ժողովի մասին, եւ անոր ունեցած կարեւոր դերի մասին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ մեր Սուրբ Աթոռին առաքելութեան մէջ։

 

Հանրապետութեան Նախագահը իր ուրախութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին կատարած արժեւորումին ու գնահատանքին գծով, իր կարգին շեշտելով արտաքին աշխարհին հետ Լիբանանի յարաբերութեանց կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը: Այս առիթով Նախագահը նաեւ դրուատիքով անդրադարձաւ Լիբանանահայութեան ու անոր բերած կարեոր նպաստին Լիբանանի ծաղկման եւ բարգաւաճման աշխատանքներուն:

 

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումէն անմիջապէս ետք, Վեհափառ Հայրապետը Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ներկայութեան առանձին խորհրդակցութիւն ունեցաւ Պարոն Նախագահին հետ, Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցերու գծով:

More News