22 April, 2016

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՍԵՆԱԹՈՐՆԵՐԷՆ, ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԷՆ ՈՒ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ԲԱՂԿԱՑԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 21 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ ընդունեց, Ֆրանսայէն Լիբանան ժամանած բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած սենաթորներէ, երեսփոխաններէ, մտաւորականներէ ու հոգեւորականներէ։ Յիշեալ պատուիրակութիւնը յաջորդաբար այցելութիւն պիտի տայ Լիբանան, Սուրիա, Իրաք եւ Միջին Արեւելքէն ներս այլ երկիրներ։ Այցելութեան նպատակն է մօտէն ծանօթանալ ընդհանրապէս շրջանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը իր արժեւորումները փոխանցեց ներկաներուն ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու քրիստոնէութեան ներկայ կացութեան առնչուած հարցերուն ու մտահոգութիւններուն մասին ու մասնաւորաբար հայ համայնքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Ղարաբաղէն ներս տեղի ունեցած վերջին անցուդարձերուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հրամայականին։ Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն, եւ ապա ներկաները այցելեցին Մայրավանքէն ներս գտնուող Նահատակաց Մատուռը։

More News