19 April, 2016

ՎԱՆԱԲՆԱԿ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ գումարուեցաւ Տնօրէն Ժողովի հերթական նիստը։ Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան միաբանական կեանքի հետ առնչութիւն ունեցող շարք մը հարցեր։

 

            Տնօրէն Ժողովի աւարտին, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին տեղի ունեցաւ վանաբնակ միաբաններու հաւաք, Վեհարանի դահլիճին մէջ։ Հաւաքի ընթացքին փոխանցուեցան Տնօրէն Ժողովի շարք մը որոշումներ։ Ապա, Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. ՏօնոյեանխօսեցաւՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբի Պոլիս այցելութեան եւ Երանշ. Տ. Շնորհք Պատրիարքի վախճանման 25-ամեակի ի յիշատակ կազմակերպուած հանդիսութեան մասնակցութեան մասին։ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, որոնք ընկերացած էին Վեհափառ Հայրապետին Հայաստան ու Արցախ կատարած վերջին այցելութեան, փոխանցեցին պատմական այս դէպքին ընթացքին իրենց ունեցած ապրումներն ու տպաւորութիւնները։ Աւարտին, միաբաններ շարք մը հարցադրումներ կատարեցին ստանալու յաւելեալ լուսաբանութիւններ։

More News