15 June, 2013

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքներու աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հաստատեց՝ ՙՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հեղինակութիւնը ծառայութեան մէջ կը կայանայ՚

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը որ սկսած էր Չորեքշաբթի 12 Յունիս 2013-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, երրորդ եւ վերջին օրը ըլլալով 14 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, շարունակեց իր աշխատանքները:

 

Առաջին նիստը յատկացուած էր երիտասարդութեան։ Ներկայացուած երկու զեկոյցներէն ետք, ժողովականները հարցումներ հարցուցին ու ստացան պատասխաններ։ Լայնօրէն անդրադարձ եղաւ, թէ ներկայիս ինչպէս կարելի է երիտասարդութիւնը մասնակից դարձնել մեր կեանքին, հայկական իրականութենէն հեռացած երիտասարդները ինչ կերպով կարելի է կրկին անգամ մօտեցնել մեր իրականութեան, երիտասարդական ֆորումներ յառաջացնել, համալսարանական ուսում ունեցող երիտասարդները ինչպէս կարելի է ներառել մեր եկեղեցիին հովանիին տակ ու օգտուիլ անոնց ուսումէն ու փորձառութենէն։ Այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառն ալ յատուկ կերպով անդրադարձաւ երիտասարդութեան մասին, ու ըսաւ. «Պէտք է որ երիտասարդութիւնը ներկայութիւն դարձնենք մեր կեանքին մէջ։ Պէտք է ճիշդ ձեւերը գտնենք որ երիտասարդութեան հետ երկխօսութեան մէջ մտնելու։ Անցած է հրահանգելու ժամանակը։ Պէտք է երկխօսութեան ճամբով խօսինք երիտասարդութեան հետ, եւ հարցնենք թէ ի՞նչ կþուզէ ան։ Այս ուղղութեամբ գլխաւոր երեք կէտերու մասին պէտք է խօսինք.-

 

Ի՞նչ է Հայ երիտասարդին ինքնութեան հասկացողութիւնը։ Ինքնութիւնը ինքնանպատակ ու ինքնավախճան չէ։ Հայ ըլլալ կը նշանակէ մասնակից դառնալ մեր կեանքին։ Երիտասարդութեան դիմաց մեր կեանքին բոլոր դռները պէտք է բացուին։ Մեր կեանքին մասնակցիլ կը նշանակէ ղեկավարութեան մաս կազմել։ Մեր երիտասարդները այսօր իրենց քննարկումներով, մասնագիտական մօտեցումներով, հարցադրումներով ու առաջարկներով պիտի վերանորոգեն մեր կեանքը»։

 

Ժողովի առաջին նիստի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը եզրակացուց, ըսելով. «Պէտք չէ բացասական դառնանք։ Մեր հաւաքական կեանքին մասնակից է երիտասարդութիւնը։ Սակայն անոր ներկայութիւնը պէտք է աւելի գործօն ու ամբողջական դարձնենք։ Երկար տարիներ մեր կառոյցներուն առընչուած իտէալներու, սկզբունքներու ու աւանդութիւններու շուրջ կազմաւորեցին մեր երիտասարդները։ Համահայկական արժէքներու համակարգին շուրջ պէտք է համախմբենք մեր երիտասարդութիւնը։ Սակայն, մեր համահայկական արժէքներու համակարգը պէտք է սերտ երկխօսութեան մէջ ըլլայ համամարդկային արժէքներու համակարգին հետ։ Նեղ օղակներու մէջ չեն կրնար մնալ երիտասարդները. փակ դռներու առջեւ չենք կրնար սպասել երիտասարդները, անոնք մասնակից են համաշխարհայնացած աշխարհի մշակոյթին։ Հետեւաբար, Հայ երիտասարդութեան կազմաւորման ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն պէտք է միանայ, որը անմիջականօրէն կապ պիտի ունենայ ու գիտակ ըլլայ համամարդկային արժէքներու համակարգին»։

 

Հայեցի դաստիարակութեան գծով եւս երկու զեկոյցներ ներկայացուեցան, ուր յատուկ կերպով անդրադարձ կատաուեցաւ հայապահպանման կարեւորութեան, Հայ դպրոցին եւ հայերէնաւանդ Հայ ուսուցիչին առանցքային դերակատարութիւնը շեշտելով, եւ մանաւանդ վերջերս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ջանքերով յառաջացած Արեւմտահայերէն Լեզուի պահպանման Յանձնախումի մասին: Ժողովականները իրենց հարցումներով, քննարկումներով ու առաջարկներով հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտեցին։ Նիստի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր բացատրութիւններ տալով, իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Ներքին բախում կայ մեր աւանդական մտայնութեան եւ ներկայ երիտասարդութեան մօտեցումներուն միջեւ։ Մենք պէտք է հասկնանք թէ ի՞նչ կը նշանակէ Հայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ։ Ո՞վ է Հայը։ Ի՞նչ արժէքներու շուրջ ձեւաւորենք Հայ երիտասարդը։ Սփիւռքի մէջ Հայ ըլլալը որոշումի հարց է։ Մենք Սփիւռքին մէջ որոշեցի՛նք Հայ ըլլալ ու Հայ մնալ, եւ այդ ուղղութեամբ կառոյցներ ու հաստտաութիւններ հիմնեցինք, եւ ամբողջական նուիրումով պայքարեցանք որպէսզի պահենք մեր ինքնութիւնը։ Այսօր, Հայ ըլլալը ամէնօրեայ տագնապ է։ Պէտք է պատկանելիութեան զգացումը ամրապնդենք մեր երիտասարդութեան մօտ։ Պատկանելիութիւնը տեսական յղացք չէ։ Պատկանաելիութիւնը մասնակցութեամբ պէտք է թարգմանուի եւ պէտք է գործնապէս արտայայտենք մեր հաւաքական կեանքին մէջ։ Հետեւաբար, մեր կրթական կառոյցներէն ներս պէտք է մեր հին մեթոտները լուրջ վերափոխութեան ենթարկենք»։

 

Նիստէն ետք, ընթերցուեցեաւ սուրիահայութեան ի նպաստ յայտարարութիւն մը, «Սուրիահայութեան օժանդակութիւնը համազգային պարտակնութիւն է» խորագիրով։ Յայտարարութեան ընթերցումէն ետք կատարուեցան քննարկումներ յայտարարութեան գծով։

 

Երրորդ նիստը յատկացուած էր միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութեանց։ Երկու զեկոյցներ ներկայացուեցան, ուր մանրամասնօրէն նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աշխոյժ դերակատարութիւնը միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական գործունէութեան մէջ, յանձինս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու Կիլիկեան միաբանութեան։ Ներկայացուած զեկոյցներէն ետք քննարկումներ կատարուեցան, եւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական գործունէութեան ծիրը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աշխարհագրական դիրքէն մեկնած յատկապէս, կարեւոր նկատուեցաւ, յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ծիրէն ներս. այս վերջին կէտին մասին, Նորին Սրբութիւնը մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուաւ ժողովականներուն, յստակացնելով թէ ինչ բանի վրայ կը կայանայ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը, ըսելով. «Այս երկխօսութիւնները չեն միտիր աստուածաբանական հարցերու մասին քննարկումներ կատարելու, այլ՝ կը միտին փոխադարձ հասկացողութիւն եւ տեղեկութիւններու ու փորձառութեանց փոխանակումին, կարենալ հաշտ ապրելու համար նոյն ընկերութեան մէջ»։

 

Ապա, ընթերցուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի մասին յայտարարութիւնը, եղան քննարկումներ ու առաջարկներ, որմէ ետք յայտարարութիւնը ժողովականներուն կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ։

 

Ազգային Ընդհ. Ժողովի օրակարգի վերջին նիստի ընթացքին, ընթերցուեցաւ Բանաձեւի յանձնախումբին զեկոյցը, որմէ ետք քննարկումներ կատարուեցան։ Ապա, Թեմերէն առաջարկներ կատարուեցան։ Աւարտին, Ազգային Ընդհ. Ժողովը կատարեց ընտրութիւնը յաջորդ քառամեակին համար, Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներուն: Կրօնական Ժողովի անդամ ընտրուեցան՝ Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան, Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան, Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեան, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Գերշ. Տ. Շահան Եպս. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան, Հոգշ. Տ. Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Հոգշ. Տ. Վարանդ Վրդ. Քորթմոսեան: Իսկ Քաղաքական ժողովի անդամ ընտրուեցան՝ Պետրոս Գարաճրճեան, Սուրէն Սարգիսեան, Արթիւր Նազարեան, Վիգէն Գասապեան, Տիգրան Ճինպաշեան, Արա Տէմիրճեան, Ճորճ Շահինեան, Վարդան Վարդանեան, Խաժակ Տիքիճեան, Վահէ Եագուպեան, Տրդատ Մանկիկեան, Յակոբ Եափուճեան եւ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, որոնք զանազան թեմերը կը ներկայացնեն:

 

Եզրափակելով Ազգային Ընդհ. Ժողովը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրական իր խօսքը ուղղեց բոլորին, գնահատելով այն կապուածութիւնը եւ նուիրումը, զոր ցուցաբերեցին պատգամաւորները հանդէպ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Կաթողիկոսարանին մէջ կատարուող աշխատանքը չորս պատերու մէջ չի սահմանափակուիր, ոչ ալ միայն Լիբանանի, այլ՝ մեր բոլոր Թեմերուն համար է որ կը կատարենք մեր առաքելութիւնը։ Հետեւաբար Թեմերուն մասնակցութիւնը կը նկատենք անհրաժեշտ ու հրամայական։ Թեմերը պէտք է Կաթողիկոսարանին հետ գործակցին։ Անթիլիասը իր ծառայութեամբ մնայուն ու կենդանի ներկայութիւն պէտք է դառնայ մեր Թեմերէն ներս»։

 

Սուրիահայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն անդրադառնալով, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Սուիրահայ մեր գաղութին տագնապը համահայակական խնդիր է։ Պէտք է այս գիտակցութեամբ շարունակենք մեր աջակցութիւնը։ Մենք այդ տեսլականով պիտի գործենք, որովհետեւ կը հաւատանք որ համահայակական մտածողութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ընդհանրական շահերուն առանցքը կը կազմէ»։

 

Խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը յատուկ կերպով շեշտեց, թէ՝ «համահայկական մտածողութիւնը, տեսիլքը, հայեցակէտը մեր Սուրբ Աթոռին ծառայութեան հիմքն է ու նպատակը։ Մեր ժողովուրդը այս Սուրբ Աթոռէն սպասում ունի, եւ մենք այդ գիտկացութեամբ է որ կը ծառայենք։ Մենք սպասաւորներն ենք մեր ժողովուրդին, եւ ինչ որ կþընենք մեր պարտաւորութիւնն է։ Մենք գնահատանքի կարիքը չունինք։ Մեր գործը, ծառայաութիւնը կը կատարենք պատասխանատուութեան ոգիով եւ համարատուութեան գիտակցութեամբ։ Մեր Աթոռը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Մեր Աթոռին մեծութիւնն ու հզօրութիւնը իր ծառայութեան մէջն է»։

 

Հայրապետական եզրափակիչ իր պատգամի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս գնահատեց բոլոր պատգամաւորները: Յատուկ գնահատանք արտայայտեց շրջանաւարտ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան զոյգ ժողովներուն: Շնորհաւորեց նոր ընտրուած զոյգ ժողովները եւ բարի ու արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթեց անոնց: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանչ» աղօթքով ու իր օրհնութեամբ փակեց Ազգային Ընդհ. Ժողովի աշխատանքները, որմէ ետք Միաբաններն ու ժողովականները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա»-ն ու «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը։

 

Երեկոյեան ժողովականները Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Տըպայէի «La Royal» պանդոկի «Ազուրէեա» սրահին մէջ մասնակցեցան ճաշկերոյթի: Ճաշկերոյթի ընթացքին գեղարուեստական յայտագիր ներկայացուեցաւ։

More News