15 April, 2016

ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՐՑԱԽ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

 

14 Ապրիլի երեկոյեան, աւարտելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն երկօրեայ այցը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը վերադարձան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։

 

            Այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներու եւ արարողութիւններու ժամանակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ԼՂՀ իշխանութիւններուն, Արցախի ժողովուրդին ու Պաշտպանութեան Բանակին՝ աղօթելով, որ Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ Արցախ աշխարհին։

 

            Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Արցախին փոխանցեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ թեմերու կողմէ հանգանակուած հինգ հարիւր հազար ԱՄՆ տոլարի գումար։ Նոյնքան գումար Արամ Ա. Կաթողիկոսը փոխանցեց, նոյն նպատակին համար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ թեմերուն կողմէ։

 

            Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի կոչով կազմակերպուած հանգանակութիւնները կը շարունակուին թեմերուն մէջ։

More News