11 April, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

 
 
Շաբաթ, 9 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ուաշինկթընի «Պաշտպանութիւն Քրիստոնէութեան» Համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ՝ Համախմբումի Նախագահ Տիար Թուֆիք Պաաքլինիի։
 
Սեպտեմբեր 2014-ի Ուաշինկթընի մէջ Համախմբումին կողմէ կազմակերպուած համաժողովէն ի վեր, Թուֆիք Պաաքլինի եւ Համախմբումի ներկայացուցիչները, զանազան առիթներով կը հանդիպին Վեհափառ Հայրապետին հետ, ունենալու իր կարծիքը Համախմբումի գործունէութեան՝ յատկապէս վերջին տարիներուն ընթացքին շրջանէն ներս տիրող կացութեան լոյսին տակ։ Այս հանդիպումին ընթացքին անոնք ներկայացուցին Համախմբումի յառաջիկայ ծրագիրները։
 
Նորին Սրբութեան թելադրութեամբ Համախմբումը մօտէն կը գործակցի Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի գրասենեակին հետ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ։ Անոնք Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեցին, որ ղարաբաղեան տագնապի լոյսին տակ ամէն ձեւով օգտակար պիտի հանդիսանան՝ այս հարցը եւս լսելի դարձնելու Ամերիկայի Քոնկրէսին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը, ողջունեց Համախմբումին գործունէութիւնը՝ յատկապէս անոնց գիտակից մօտեցումը մարդկային իրաւանց, արդարութեան եւ խաղաղութեան վերաբերեալ հարցերուն։