8 April, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՀԱՆՐԻ ՀԸԼՈՒՆ

Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի նախագահական թեկնածու՝ Երեսփոխան Հանրի Հըլուն։ Անոր կ’ընկերանար պետական Երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան։

 

Հանդիպման ընթացքին խորհրդակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան Լիբանանի քաղաքական ներքին կացութեան, ու յատկապէս նախագահական ընտրութեան։

 

Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց նախագահական շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու հրամայականը՝ միաժամանակ իր գնահատանքը յայտնեց Լիբանանի պետական ու զինուորական պատասխանատուներուն, որոնք իրենց առաւելագոյն ճիգը կը թափեն Լիբանանը հեռու պահելու Միջին Արեւելքէն ներս տիրող անկայուն վիճակէն։

More News