News

«ԹԱՂԵ՛ՆՔ ՄԵՐ ՄԵՂՔԵՐԸ ՈՐՊԷՍԶԻ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ՎԵՐՍՏԻՆ ԿԵԱՆՔ ՍՏԱՆԱՆՔ» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

25 March 2016

Աւագ Ուրբաթ օրը քրիստոնէական եկեղեցւոյ ամէնէն նուիրական օրն է։ Իբր սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն, մարդու փրկութեան համար Խաչափայտին վրայ Աստուածորդին կը պատարագուի Իր արիւնը հեղելով, եւ պատանքուելով կը դրուի գերեզման, շարականագրին բառերով. «Ամէնուն պարգեւ տուողը այսօր Պիղատոսէն պարգեւ կը խնդրուի, եւ լոյսը որպէս թիկնոց հագնողը՝ կը հաւանի Յովսէփին ձեռքով պատանքուիլ»։

 

            25 Մարտ 2016-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Թաղման Կարգի սրտառուչ արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, շրջապատուած միաբան հայրերով։ Շարականներու երգեցողութիւնը, ինչպէս Աւագ Շաբթուան բոլոր միւս օրերուն, կատարուեցաւ Դպրեվանքի սաներուն կողմէ։ Ժողովուրդը, որ հոծ թիւով ներկայ էր արարողութեան, Խաչելութեան Կարգէն սկսեալ կ’այցելէր Մայրավանք եւ ուխտաւորաբար ծաղիկներ կ’ընծայէր ու կ’աղօթէր Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող Մայր Տաճարին դասին մէջ զարդարուած դագաղին առջեւ։

 

Նորին Սրբութիւնը «Սուրբ Աստուած» տաղի երգեցողութեան ընթացքին ծնրադրեց գերեզմանին առջեւ եւ ապա, նախատօնակի շարականներու երգեցողութեամբ թափօր դարձաւ խնկարկելով եւ օրհնելով երկիւղած ժողովուրդը։ Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական պատգամը փոխանցեց ըսելով. «Քրիստոս իր արիւնը խաչին վրայ թափեց մեր մեղքերուն համար, եւ գերեզման իջաւ, առաքեալին բառերով, Իր հետ իջեցնելով մեր մեղքերը, որպէսզի Քրիստոսով մենք դուրս գանք գերեզմանէն՝ Քրիստոսով ստանանք յարուցեալ կեանքը եւ մտնենք փրկութեան ճանապարհ։ Քրիստոս մեր մեղքերը յաղթահարելով մեզի տուաւ առաւել կեանք՝ յաւիտենական կեանք։ Այսօր, մենք կոչուած ենք մեր մեղքերը Քրիստոսի օգնութեամբ գերեզման իջեցնելու. թաղե՛նք մեր մեղքերը, որպէսզի Քրիստոսով վերստին կեանք ստանանք»։

 

            Թաղման Կարգի արարողութեան աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանի դարաւոր գանձերուն մաս կազմող եւ Քրիստոսի Խաչափայտի մասունքը կրող գեղարդաձեւ մասնատուփով օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը։ Ապա, մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն մեր ժողովուրդի զաւակները խոնարհեցան Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ եւ գերեզմանը զարդարող ծաղիկներէն առնելով տարին իրենց տուները։ Արարողութենէն ետք մինչեւ գիշերուան ուշ ժամեր, հայ թէ այլ եկեղեցիներու պատկանող հաւատացեալներ, Մայրավանք այցելեցին խոնարհելու Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ։