21 March, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՓՐՈՖ. ՄԻՀՐԱՆ ՏԱՊՊԱՂԸ

Երկուշաբթի, 21 Մարտ 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, միաբան հայրերու, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Վարչութեան անդամներու եւ Լիբանանի Հայ Դատի մարմիններու ներկայացուցիչներու ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց ցեղասպանագէտ եւ սփիւռքագէտ Փրոֆ. Միհրան Տապպաղը։ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Տիկ. Վերա Եագուպեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Փրոֆ. Տապպաղի կենսագրականը, գործունէութիւնն ու լոյս ընծայած աշխատասիրութիւնները։
 
Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով ըսաւ, թէ մեր Սուրբ Աթոռին համար Հայ Դատի, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու արդար հատուցման մարզերէն ներս աշխատող եւ ներդրում ունեցող հայ թէ օտար մտաւորականներն ու գիտաշխատողները սիրելի ու գնահատելի անձեր են։ Ան յատկապէս նշեց Փրոֆ. Տապպաղի գերմանական համալսարաններէն ներս աշխատելու իւրայատուկ կարեւորութիւնը՝ նկատի ունենալով Գերմանիոյ դերը Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն եւ այսօր՝ Եւրոպայէն ու միջազգային ընկերութենէն ներս անոր ունեցած դիրքը։ Նորին Սրբութիւնը աւելցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման աշխատանքներուն մէջ յառաջատար եւ առաջնորդողի դիրքի վրայ է երեք պատճառներով՝ ա) մեր եկեղեցին ու մեր ժողովուրդը ամրօրէն ընդելուզուած են, հետեւաբար անկարելի է մեր ժողովուրդին ու մեր եկեղեցւոյ մէջ որեւէ բաժանում տեսնել. բ) արդարութեան հարցը ընդհանրապէս եկեղեցիներու, բայց մա՛նաւանդ մեր Սուրբ Աթոռին գլխաւոր օրակարգին վրայ է։ Արդարութիւնը աստուածային պարգեւ մըն է, որուն պէտք է արժանանայ իւրաքանչիւր մարդ. գ) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ի՛նք եւս զոհն է Հայոց Ցեղասպանութեան, այս իսկ գիտակցութեամբ չի՛ կրնար անտարբեր մնալ այս խնդրին առնչութեամբ։ Խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով զարդարեց Փրոֆ. Տապպաղի կուրծքը՝ առ ի գնահատանք անոր տարած աշխատանքներուն։
 
Պարգեւատրեալը խօսք առնելով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին։ Ան ըսաւ իրեն համար մեծ խորհուրդ մը կը բովանդակէ այս շքանշանը, որովհետեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսւթիւնը յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան վայր է։ Փրոֆ. Տապպաղ շեշտեց Հայ Դատի գծով Վեհափառ Հայրապետին դերը միջազգային ծիրէն ներս եւ խնդրեց Նորին Սրբութենէն, որ յատուկ ծրագիր մը մշակէ համախմբելու Սփիւռքի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրողները, որպէսզի աւելի համադրուած ձեւով կատարուին յառաջիկայ աշխատանքները։ Աւարտին, Փրոֆ. Տապպաղ Վեհափառ Հայրապետին նուիրեց գերմաներէն լեզուով իր աշխատասիրած «Կորուստ եւ Կտակ» երկը, որ վերապրողներու յուշերու հաւաքածոյ մըն է։
 

More News