3 March, 2016

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ»Ի ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

 

Շաբաթ, 27 Փետրուար 2016-ի յետմիջօրէին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքի երկրորդ բաժինը, որ կ’ընդգրկէր Հայ Լեզուն եւ Գրականութիւնը: Մրցանքին տեւողութիւնը 3 ժամ էր: Հսկողութիւնը ստանձնած էին դատակազմի անդամներն ու Կրթական եւ Հայագիտական Բաժանմունքի քարտուղարութիւնը: Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ մրցանքին մասնակցեցան լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական բաժին ունեցող 16 վարժարաններ՝ 42 աշակերտ-աշակերտուհիներով: Հարցարանները կ’ընդգրկէին լեզուական ու գրական գիտելիքներ, վերլուծական բաժին եւ շարադրութիւն:

Յառաջիկայ Շաբաթ օր, տեղի պիտի ունենայ Հայոց Պատմութեան, Մշակոյթի եւ Կրօնի մրցանքը: Իսկ 12 Մարտ 2016-ի Շաբաթ օրը՝ Ասմունքի մրցանքին երկրորդ հանգրուանը, աւարտելով 2015-16 կրթական տարեշրջանի «Խաչիկ Պապիկեան» 7-րդ մրցանքներու շարքը:

More News