2 March, 2016

«ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՀՐԱՒԷՐ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Միջինքի առիթով Վեհափառ Հայրապետը հրաւէրովը Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգային Իշխանութեան, Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի արարողութեան։ Միաբան հայրերու կողքին արարողութեան իրենց երգեցողութեամբ մասնակցութիւն բերին Դպրեվանքի սաները։

 

            Արարողութեան ընթացքին, ներկայ հաւատացեալներուն իր պատգամը ուղղելով Վեհափառ Հայրապետը նախ յիշեց թէ մեր եկեղեցւոյ ծիսական աւանդութեան համաձայն, Արեւագալի ընթացքին կ’արտասանուի «հրաժարիմք»ը դէպի արեւմուտք դառնալով եւ ապա անոր կը յաջորդէ հաւատոյ խոստովանութեան ընթերցումը։ Անդրադառնալով «Հրաժարիմք»ի իմաստին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հետեւեալ երեք կէտերը.-

 

            «ա) Հրաժարիլ աշխարհի չարերէն, չարիքներէն ու մեղքերէն։ Դարեր առաջ մեր հայրերուն կողմէ բանաձեւուած այս աղօթքը եթէ այսօր գրուէր ներկայ աշխարհի չարերուն ու մեղքերուն թիւը ու տեսակը բազմապատկուած պիտի ներկայացուէր…։ Արդարեւ, պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ աշխարհը որքան կը յառաջդիմէ ու կը զարգանայ, դրական իրագործումներուն առընթեր, դժբախտաբար մարդկային կեանքը կը լեցուի բազմատեսակ ու բազմագոյն չարերով ու մեղքերով։ Մարդը ի՛նքն է պատճառը չարին ներկայութեան։ Աստուած չարը չստեղծեց. բարի ու չար չեն կրնար գոյակցիլ. չարը բարիին բացակայութիւնն է։ Հետեւաբար, այնքան ատեն որ բարին ներկայ ըլլայ մարդկային կեանքին մէջ չարը չի կրնար մօտենալ։ բ) Հրաժարիլ աշխարհակեդրոն կեանքէն. աշխարհը մարդու վախճանական վայրը չէ։ Աշխարհի նիւթեղէն թագաւորութիւնը Քրիստոս եկաւ իր երկնային արժէքներով քանդելու ու հիմնելու երկնքի թագաւորութիւնը։ Հետեւաբար, երկրաւոր թագաւորութիւնը իր չարիքներով ու մեղքերով հեռու պէտք է մնայ մեր մտածումներէն ու մեր կեանքէն։ Անոր տիրապետութիւնը կը նշանակէ Աստուծոյ բացակայութիւնը մեր կեանքէն։ գ) Հրաժարիլ անձնակեդրոն կեանքէն. մեր կեանքին ծնունդ, իմաստ, նպատակ տուողը Աստուած ինքն է եւ ոչ թէ մարդը։ Հետեւաբար, Աստուած ինքը մեր կեանքին կեդրոնը պէտք է դառնայ եւ ոչ թէ մարդը իր երկրաւոր հաճոյքով ու փառքով։ Մարդակեդրոն կեանքը ժխտումն է Աստուծոյ ներկայութեան, եւ հետեւաբար՝ աղբիւրը չարիքի ու մեղքի։

 

            Քրիստոնեայ անհատը կոչուած է հրաժարելու այս բոլորէն։ Ճիշդ է, որպէս մարդ դժուար է հրաժարիլ յաճախ մեր կեանքը լեցնող այս երեւոյթներէն, սակայն Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ Քրիստոսով զօրացած ու իրեն նման ըսել երեւելի ու աներեւոյթ կերպով մեզի մօտեցող սատանաներուն՝ “ետիս գնա՛ Սատանայ…”»։

 

            Այս ընդհանուր ակնարկէն յետոյ, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ վերլուծեց Աստուծոյ դառնալու իմաստն ու կարեւորութիւնը։ «Հրաժարիմք»էն յետոյ, եկեղեցին իր հաւատացեալները կը հրաւիրէ դառնալու դէպի լոյս, այլ խօսքով՝ դէպի Աստուած եւ աստուածգիտութիւն։ Ի՞նչ կը հասկնանք այս հրաւէրով.-

 

            «ա) Անհրաժետ է դառնալ խաւարէն դէպի լոյս։ Աստուած ոչ միայն լոյսի ստեղծիչն է, ինչպէս որ կը կարդանք Ծննդոցի մէջ տիեզերքի ստեղծագործութեան ընթացքին, Աստուած լոյսն իսկ է իր էութեամբ։ Լոյսը թէ իր նիւթեղէն եւ թէ հոգեւոր իմաստով հոմանիշ է գերագոյն արժէքներու, կատարելութեան, անմահութեան, յաւերժութեան, գեղեցկութեան. այլ խօսքով՝ աստուածութեան։ Լոյսէն հեռու խաւար է. Աստուծմէ հեռու, աշխարհը խաւարի մէջ է ու խաւարը աղբիւր է չարի ու մեղքի։ Լոյս եւ խաւար չեն կրնար գոյակցիլ, նոյնիսկ նիւթեղէն իմաստով ու ֆիզիքական օրէնքներու համաձայն. խաւարը լոյսին բացակայութիւնն է։ Եկեղեցին կը հրաւիրէ իր հաւատացեալը աշխարհի խաւարէն դառնալու լոյսին՝ Աստուծոյ։

 

            բ) Անհրաժեշտ է դառնալ Աստուծոյ ու մանաւանդ ճանչնալ զԱստուած։ Աշխարհի կրօններու շարքին, քրիստոնէութիւնը միակ կրօնն է, որ կը շեշտէ աստուածգիտութեան կամ աստուածճանաչողութեան կարելիութիւնը եւ կարեւորութիւնը։ Պարզ լեզուով, քրիստոնեան զԱստուած կրնայ ճանչնալ, որովհետեւ Աստուած ինքզինք իր նախաձեռնութեամբ, յայտնութեան ճամբով ճանաչելի դարձուցած է մարդուն։ Հետեւաբար, մարդուն աստուածճանաչողութիւնը իր բանականութեան արդիւնքը չէ, այլ Աստուծոյ կողմէ մարդուն ընծայուած երկնային շնորհք մը։

 

            գ) Աստուած ճանաչողութիւնը կ’ենթադրէ՝ Աստուծոյ ներկայութեամբ շաղախել մեր կեանքը, երկնային արժէքներով թրծել մեր մտածումները ու գործերը եւ մեր կեանքի ճամբուն դիմաց ունենալ միայն զՔրիստոս, որպէս մեր կեանքի միակ ճշմարտութիւնը ու ճամբան։ Ահա այս կը նշանակէ աշխարհէն հրաժարելու եւ Աստուծոյ դառնալու իմաստը։ Հեռու մնալու համար չարէն ու մեղքէն պէտք է ապրիլ Աստուծոյ ներկայութիւնը, հրաժարիլ աշխարհէն ու դառնալ Աստուծոյ։ Այս է որ կը յիշեցնէ մեր եկեղեցին իր հաւատացեալներուն, Մեծ Պահքի ընթացքին», իր պատգամը եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։

 

            Արեւագալի արարողութենէն ետք Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած նախաճաշին, որուն նաեւ ներկայ եղան նաեւ Դպրեվանքի ուսանողները, Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ առնչուած մարմինները եւ շրջանի ազգայինները։

 

More News