14 Հունիսի, 2013

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքները

Երկրորդ օրը ըլլալով, 13 Յունիս 2013-ին առաւօտուն Տէրունական Աղօթքով ու Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները, գլխաւորաբար կեդրոնանալով Կեդրոնական Վարչութեան քաղաքական ժողովի տեղեկագիրին վրայ:

 

Իրերայաջորդ նիստերով նաեւ քննարկումը տեղի ունեցաւ տպագրուած լայնածաւալ տեղեկագիրին, որ կÿընդգրկէր Քաղաքական Ժողովին իրագործած ծրագիրները, սկսելով ազգային, տեղական մակարդակէն, մինչեւ համասփիւռքեան, համահայկական ու միջազգային մակարդակը: Ժողովականները իրենց հարցումներկ ուղղեցին Քաղաքական Ժողովի անդամներուն եւ իրենց հարցումներուն պատասխանները ստացան։

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական օրհնութեամբ Քաղաքական Ժողովին կողմէ կատարուած աշխատանքներուն գծով, ամբողջական արժեւորումը տեղի ունեցաւ Ազգ. Ընդհ. Ժողովի մասնակիցներուն կողմէ, յատկապէս գնահատելով սահմանափակ մարդոյժով ու նիւթական նուազագոյն կարելիութիւններով իրագործուած հսկայական ծրագիրները:

 

Ապա, յատուկ կերպով խօսուեցաւ հետեւեալ կէտերու մասին.-

 

1) Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան Յանձնախումբի մասին, թէ ինչ հեռանկարներ կան իրագործելիք։ Ինչպէս նաեւ ազգային վարժարաններէն ներս կրօնի դասաւանդման մասին խօսուեցաւ։

 

2) Մնայուն հիմնադրամ յառաջացնելու գաղափարը կը մնայ անհրաժեշտ ու այժմէական։ Նորին Սրբութիւնը այս ուղղութեամբ լայն բացատրութիւն տուաւ եւ շեշտեց անհրաժեշտութիւնը մնայուն հիմնադրամ ունենալու, որպէսզի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը տնտեսական դժուարութիւններ պէտք չէ ունենայ։

 

3) Հայկական պահանջատիրութեան գծով, Վեհափառ Հայրապետին միջազգային տարողութեամբ կատարած աշխատանքը, եւ Կաթողիկոսարանէն ներս թէ դուրս տեղի ունեցած միջազգային գիտաժողովները լուսարձակի տակ բերին Կիլիկեան Ս. Աթոռին հետեւողականութիւնը այս առնչութեամբ: Ինչպէս նաեւ անդրադարձ եղաւ ներկայ տարւոյս Ապրիլ 24-ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի միատեղ ստորագրած պահանջագիրի մասին։ Տակաւին, խօսուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին իրագործուելիք ծրագիրներու ու նպատակներու մասին։ Այս ծիրէն ներս նաեւ խօսուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Ղարաբաղի մէջ կառուցուած «Նոր Կիլիկիա» գիւղի մասին։

 

4) Սուրիահայ Գաղութի մասին յատուկ կերպով խօսուեցաւ եւ բացատրութիւններ տրուեցան, Սուրիոյ ներկայ կացութեան պատճառով, սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու պատկան Թեմերու միջոցաւ կատարուած օժանդակութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով եւ մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուաւ սուրիահայութեան օժանդակութեան համար հաւաքուած նիւթական գումարներուն եւ անոնց գործուղման մասին։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Ամբողջական նուիրումով պիտի շարունակենք աջակցիլ ու օժանդակել սուրիահայութեան»։

 

5) Յունաստանի տնտեսական վիճակի տագնապի մասին ալ խօսուեցաւ։ յատկապէս մեր յունահայ Թեմին կրած ազդեցութիւնը այդ տագնապէն։ Յունաստանի պատգամաւորներէն մին, մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուաւ այդ ուղղութեամբ եւ խօսեցաւ Թեմին դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին։

 

6) Անթիլիաս-Էջմիածին փոխ-յարաբերութեանց հարցը եւս մասնաւոր կերպով օրակարգի նիւթ դարձաւ յընթացս ժողովի: Այս գծով կրկին անգամ վերահաստատուեցաւ մեր Ս. Աթոռին յանձնառութիւնը՝ եղբայրական ոգիով շարունակել գործակցութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հետ, ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ներքին միասնականութեան պահպանման:

 

7) Հայաստանի պետութեան հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործակցութիւնը եղաւ սիրալիր: Մեր Ս. Աթոռին ազգային թէ միջազգային գործունէութիւնը ու արժէքը ծանօթ է Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ գնահատուած անոնց կողմէ:

 

8) Խօսուեցաւ նաեւ Ս. Աթոռին կողմէ իրագործուած շինարարական ծրագիրներուն, թէ՛ Կաթողիկոսութեան պատկանող կալուածներուն վրայ կատարուածներուն եւ թէ Ղարաբաղի մէջ «Նոր Կիլիկիա» գիւղի շինութեան: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ արդէն իսկ կատարուած շարք մը շինարարական աշխատանքներուն, որոնք կ’իրագործուին մեր Թեմերուն, ինչպէս նաեւ ազգային բարերարներու գործակցութեամբ ու աջակցութեամբ։ Շինարարական գլխաւոր աշխատանքներէն են, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կանգնած Ապրիլեան Նահատակներու Յուշարձանի վերանորոգումը. Պիքֆայայի մէջ Միաբանական շէնքի կառուցում, Ապրիլեան Նահատակներու Խորանի կառուցում, Ապրիլեան Յուշարձանի‏ շրջապատի վերադասաւորում, ինչպէս նաեւ Ճպէյլի մէջ՝ Թռչնոց Բոյնի ամէնէն հին շինութիւնը Ցեղասպանութեան Թանգարանի վերածելու ծրագիրը:

 

Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր արժեւորում կատարելով կատարուած քննարկումներուն, իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ երկու մտածումներով.

 

«ա.) Մեր կատարած գործը առաքելութիւն է։ Մենք գնահատականի կարիք չունինք, արժեւորումի կարիքն ունինք, որպէսզի մեր կատարած գործը ըլլայ աւելի կատարեալ ու արդիւնաւէտ։

 

բ) Մեր կատարած գործը չի՛ սահմանափակուիր որոշ շրջագիծի կամ որոշ թեմերու նեղ սահմաններուն մէջ, այլ՝ համահայկական տարողութիւն ունի մեր կատարած գործը»։

 

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի երկրորդ օրը միայն կատարուած աշխատանքի վերարժեւորում չեղաւ, այլ՝ բոլոր հարցերուն քննարկումէն բխած նոր ուղղութիւններ ճշդումի առիթ եղաւ։

 

Երկրորդ օրուան ժամանակացոյցին մէջ երկու նիստեր յատկացուած էին,

ա) Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդում եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն։

բ) Սուրիահայութեան ներկայ կացութեան մասին Բերիոյ Հայոց Թեմէն ղրկուած զեկոյցին, եւ սուրիահայութեան մասին պատրաստուած բանաձեւի ընթերցումին։

գ) Քրիստոնէական Դաստիարակութեան գրասենեակին կատարարծ աշխատանքներուն։

 

Իւրաքանչիւր զեկոյցի աւերտին, կատարուեցան քննարկումներ եւ լուսաբանութիւններ կատարուեցան։

 

Երկրորդ օրուան ժողովական նիստերու աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Միաբաններն ու ժողովականները պիտի բարձրանան Պիքֆ‎այա՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սիրտը հանդիսացող Դպրեվանքը, ուր ներկայ պիտի գտնուին Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբի՝ Հայ Մօր տարուան առիթով հրամցուցած համերգին եւ Դպրեվանքի Ամավերջի հանդէսին։

 

Յայտնենք, որ վաղը եւս Ազգային Ընդհ. Ժողովը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:

More News