25 Փետրվարի, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ե.Հ.Խ.-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 25 Փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Նորվեկիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը ունենալու Միջին Արեւելքը յուզող զանազան հարցերուն, Սուրիոյ տագնապին, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքներուն մարդասիրական աջակցութիւն ընծայելու կարելիութիւններուն գծով։
 
Նորին Սրբութիւնը առաջին հերթին ընդհանուր գծերով ներկայացուց Սուրիական տագնապին զանազան փուլերն ու երեսները կեդրոնանալով քրիստոնեայ համայնքներուն վրայ։ Ապա, ան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն կատարած աշխատանքներուն՝ քրիստոնեայ համայնքներուն զօրակցութեան իմաստով։ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ դժբախտաբար Սուրիոյ եւ Իրաքի գաղթականներուն համար պետութիւններէն ու միջազգային կազմակերպութիւններէն եկած մարդասիրական օժանդակութիւններէն չեն օգտուիր քրիստոնեայ գաղթականները զանազան պատճառներով։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ուղղակի օգտակար ըլլալ քրիստոնեաներուն՝ անոնց կրօնական եւ համայնքային կառոյցներուն ճամբով։ Վեհափառ Հայրապետը լայն ծանօթութիւններ տուաւ ներկաներուն Սուրիոյ հայ համայնքին դիմագրաւած մտահոգութիւններուն ու անոր կարիքներուն մասին։

More News