24 Փետրվարի, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի Վարչութիւնը

Երեքշաբթի, 23 Փետրուար 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի (ՀՀՀ) վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ ՀՀՀ-ի հոգեւոր խորհրդատու Սիփան Ծ. Վրդ. Քեչէճեանի: Համախմբումը հիմնուած է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ` 2010 թուականին: Այս առիթով ՀՀՀ-ի վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հանտեան սեղմ գիծերու մէջ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց վարչութեան միամեայ գործունէութեան ծրագիրը եւ այս կապակցութեամբ եղաւ կարծիքներու փոխանակում:

 

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց վարչութեան մշակած ծրագիրը եւ իր քաջալերանքն ու զօրակցութիւնը յայտնեց` վերյիշեցնելով, որ Կաթողիկոսարանի կարելիութիւնները ՀՀՀ-ի տրամադրութեան տակ են: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց համալսարանաւարտ երիտասարդութեան համախմբուելու կարեւորութիւնը: «Այս համախմբումին նպատակն է` մեր համալսարանաւարտները համախմբել մեր համայնքին ու մեր կառոյցներուն շուրջ», ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը եւ աւելցուց. «Զանոնք մասնակից դարձնենք մեր կեանքին, փաստօրէն մեր համալսարանաւարտներուն մէկ կարեւոր մասը հեռու է մեզմէ, ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ` ուրիշ գաղութներու մէջ, մեր համալսարանաւարտները մեր կեանքին մէջ ներկայութիւն դարձած պէտք է ըլլան, ո՛չ լուսանցքի վրայ, ո՛չ դիտողի, ո՛չ հետեւողի, այլ մասնակցողի դերով»:

 

«Լիբանան Սփիւռքի հայութեան սիրտը եղած է, հետեւաբար այս գծով աւելի նախանձախնդիր եւ խստապահանջ պէտք է ըլլանք եւ աւելի պէտք է աշխատինք՝ հաւատարիմ մնալով Լիբանանի հայութեան հաւաքականութեան դերին», շարունակեց Արամ Ա. Վեհափառ` յիշեցնելով, որ համալսարանաւարտները ընկերութեան կենսունակութեան աղբիւրն են, անոնք կը կազմեն ընկերութեան ուղեղը, պատմութեան ընթացքին յեղափոխութիւնները համալսարանաւարտներուն կողմէ կատարուած են ու անոնք դարձած են ընկերութեան ղեկավարները: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւ յայտնեց մեր շուրջ տիրող համալսարանաւարտ մարդուժի բացակայութեան գծով: «Անհրաժեշտ է մեր կեանքին նոր արիւն, նոր աւիշ ներարկել, համալսարանաւարտներն են, որոնք իրենց ամբարած գիտութեամբ, եւ ներկայ աշխարհի հարցերուն ու մտահոգութիւններուն իրենց ծանօթութեամբ կոչուած են մեր կեանքին նոր որակ ու ընթացք տալու», եզրափակեց Վեհափառ Հայրապետը:

More News