22 Փետրվարի, 2016

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒ ՊԱՏՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Հայ Դատի եւ Պատմաքաղաքական Հարցերու Ուսումնասիրութիւններու Հրատարակութեան յանձնախումբը իր պարբերական նիստը գումարեց անցեալ շաբաթավերջին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Նիստին կը նախագահէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, եւ կը մասնակցէին յանձնախումբի ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, անդամներ Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան: Նիստէն կը բացակայէր Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան։
 
Նիստը քննեց յանձնախումբին յղուած առաջարկները։ Շուտով հրատարակութեան կը յանձնուին պատմաքաղաքական եւ իրաւագիտական բնոյթ ունեցող ուսումնասիրութիւններ՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Յանձնախումբը վերաշեշտեց Հայ Դատի իրաւական մարզին վերաբերող գիտաշխատութիւններ պատրաստելու եւ հրատարակելու անհրաժեշտութիւնը: Նիստը որոշեց ամբողջացնել ցարդ հրատարակուած բոլոր հատորներու թուայնացման աշխատանքը։ Վերջապէս, յանձնախումբը հաստատեց այս տարուան ընթացքին հրատարակելի ուսումնասիրութիւնները:
 
«Խաչիկ Պապիկեան» Հրատարակչական հիմնադրամը կը շարունակէ ստանալ Հայ Դատի, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ պատմաքաղաքական բնոյթի աւարտաճառեր, գիտաշխատութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ` հայերէն եւ օտարալեզու:
 
Յիշենք, որ Հիմնադրամը վերջերս հրատարակած էր “Legal Avenues for Armenian Genocide Reparations” հատորը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւական հարցի հետապնդման նուիրուած ուսումնասիրութիւններու կարեւոր հաւաքածոյ մըն է։
 

More News