13 February, 2016

«ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԱՂԲԻՒՐՆ Է ԵՒ ՊԷՏՔ Է ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՅ ԻՐ ԿՈՉՈՒՄԻՆ»։ Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Իւրաքանչիւր տարւոյ Փետրուար 14-ին Հայ Եկեղեցին կը նշէ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Տաճար Ընծայման տօնը: Տէրունի այս մեծ տօնի նախօրեակին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու մասնակցութեամբ միաբան հայրերու: Մեր եկեղեցւոյ «Հաւատքի Հօր» անունով կնքուած Սուրբ Տաճարը զեղուն էր երիտասարդ ծնողներով, որոնք իրենց մանուկները բերած էին ընծայելու Սուրբ Տաճարին, քառասնօրեայ մանուկ Յիսուսի օրինակով:

 

            «Երեկոյեան» ժամերգութեան աւարտին, միաբան հայրերը իրենց գլխուն ունենալով Վեհափառ Հայրապետը Տաճարի ատեանին մէջ կատարեցին նախատօնակի արարողութիւնը: «Անդաստանի» արարողութեամբ օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերը: Օրուան խորհրդաւոր պահուն՝ «Քրիստոս փառաց թագաւոր» տաղի երգեցողութեամբ, Ս. Խորանէն բերուեցաւ Քրիստոսը խորհրդանշող լոյսը եւ Վեհափառ Հայրապետը լուցանեց ատեանին մէջ զետեղուած մոմը: Ապա, միաբան հայրերը կատարեցին մանուկներու տաճար ընծայումը:

 

            Արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը գնահատելով ներկաները յորդորեց երիտասարդ ծնողները, որ աչալուրջ ըլլան իրենց զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեան եւ խստապահանջ մեր մանուկներուն ու երիտասարդ սերունդին նկատմամբ՝ վառ պահելու ազգային-եկեղեցական աւանդութիւնները: Վեհափառ Հայրապետը խօսելով հայ ընտանիքին մասին ըսաւ. «Սրբազան կառոյց է Հայ ընտանիքը իր աստուածատուր առաքելութեամբ։ Ան մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն աղբիւրն է։ Հայ ընտանիքը ճակատագրական դեր ունեցաւ մեր ժողովուրդի գոյութեան ու ինքնութեան պահպանման մէջ, յատկապէս այս օրերուն երբ օտարամուտ բարքեր ու աւանդութիւններ կը փորձեն խաթարել հայ ընտանիքը, մեր արժէքներն ու աւանդութիւնները։ Հայ ընտանիքը կոչուած է հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն»։

 

            Եկեղեցական արարողութենէն ետք, շարականներու երգեցողութեամբ Վեհափառ Հայրապետը թափօրով առաջնորդուեցաւ Մայրավանքի շրջափակը, եւ Սուրբ Սեղանէն բերուած ճրագով վառեց Տեառնընդառաջի խարոյկը, Քրիստոսի լոյսով ջերմացնելու ներկաները: Դպրեվանքի ուսանողները հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Ապա, հաւատացեալները որպէս օրհնութիւն վառած մոմեր տարին իրենց տուները:

More News