31 January, 2016

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒՆ

Իւրաքանչիւր տարուայ Բուն Բարեկենդանը կանխող Կիրակիին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարէ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Ուխտին ճամբով՝ Աստուծոյ, Հայ Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին իրենց ծառայութիւնը մատուցած եւ առ յաւէտ բաժնուած երջանկայիշատակ հայրապետներուն ու հոգելոյս միաբան հայրերուն:

 

Կիրակի, 31 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Դպրեվանքի ուսանողներէ եւ միաբան հայրերէ կազմուած Հայրապետական թափօրը, ժողովուրդին ընկերակցութեամբ, առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճարին կից գտնուող «Զարեհեան յուշարձան-դամբարան»ը, ուր ամփոփուած են Անթիլիասական շրջանին գահակալած հայրապետներուն եւ ծառայած միաբաններուն աճիւնները: Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս:

 

Հոգեհանգստեան այս պաշտօնը առիթ մը հանդիսացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան անդամներուն յիշելու իրենց նախնիները, վերանորոգ թափով շարունակելու անոնց ազգային առաքելութիւնը եւ հաւատարիմ մնալու անոնց աստուածադրոշմ կտակին:

More News