29 Հունվարի, 2016

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԹԵՄԱՅՈՎ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ-ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ յատկապէս երիտասարդ՝ ապագայ սերունդին հայեցի առողջ դաստիարակութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաջնահերթ առաքելութիւններէն մին կը հանդիսանայ: Ներկայ արհեստագիտական զարգացումները եւ մանաւանդ ընկերային լրատուամիջոցները, որոնք լայն չափով կ’օգտագործուին մեր երիտասարդ սերունդին կողմէ, ունին իրենց դրական ու ժխտական երեսները եւ պայման է անոնց ճշգրիտ գործածութեան մասին ծրագիրներ մշակել՝ յատկապէս ընդհանրական հարցերու գծով:

 
Այս մտահոգութենէն մեկնած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լսատեսողական բաժանմունքը, Հինգշաբթի, 29 Յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահէն ներս, կազմակերպած էր երիտասարդական զրոյց-քննարկում մը՝ «Ընկերային լրատուամիջոցները իրենց դրական ու ժխտական երեսներով եւ անոնց ազդեցութիւնը հայու ինքնութեան կազմաւորման վրայ» թեմայով: Հանդիսութեան բացումը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ ընդգծեց, թէ եկեղեցին հրաւիրած է զիրենք համայնական մտահոգութեան մը շուրջ լսելու իրենց գաղափարներն ու առաջարկները: Ան յայտնեց, որ այս զրոյց քննարկումը պէտք է կեդրոնանայ մեր ինքնութիւնը եւ համայնական արժէքները դրսեւորելու եւ արհեստագիտական միջոցներու օգտագործմամբ զանոնք վառ պահելու ու ծաղկեցնելու վրայ:
 
Վեհափառ Հայրապետին ուղեցոյց նկատուող եւ քննարկումին սահմանները յստակեցնող խօսքէն վերջ, Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան քաջալերանքին եւ ներկաներուն ընդառաջումին համար: Ան հրաւիրեց Օրդ. Արազ Գոճայեանը եւ Տիար Շիրազ Ճէրէճեանը իրենց տեսակէտները պարզելու յոյժ այժմէական այս նիւթին շուրջ:
 
Ապա, շուրջ 70 ընտրուած երիտասարդ հրաւիրեալները իրենց կարծիքները սկսան արտայայտել, անդրադառնալով ընկերային լրատուամիջոցներուն բարերար ու ժխտական ազդեցութեանց: Լայնօրէն քննարկուեցաւ Արեւմտահայերէնի գործածութիւնը՝ նկատի ունենալով, թէ լեզուն մեր հայկական ինքնութեան կռուաններէն մին է: Շինիչ քննարկումը տեւեց շուրջ երկու ժամ. ներկաները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին այս նախաձեռնութեան համար, եւ առաջարկ ներկայացուցին ապագային աւելի սահմանափակ նիւթերու վրայ կեդրոնանալ եւ խորքային քննարկումներ կատարել:
 
Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը արտայայտեց կատարուած սրտբաց քննարկումին համար, ընդգծելով թէ մեր ընկերութեան մէջ արհեստագիտութիւնը ներկայ եւ անխուսափելի երեւոյթ է, որուն դէմ պայքարիլը անհնար է՝ ժխտական մօտենալը ճիշդ չէ, սակայն զգուշաւոր ըլլալը պայման է: Ան եզրափակեց հետեւեալ կէտերը շեշտելով. Ա) Ընկերային լրատուամիջոցները եւ կամ այսպէս կոչուած «ֆէյսպուքեան մշակոյթ»ը գործիք մըն է, որուն ճիշդ կամ սխալ գործածութիւնը անհատէն կախեալ է. շեշտելով, թէ մենք հետամուտ պէտք է ըլլանք օգտագործելու անոր դրական ու բարերար երեսները: Դաստիարակութիւնը՝ ընտանեկան ու դպրոցական մակարդակներու վրայ, նախապայման է ընկերային լրատուամիջոցներու առողջ գործածութեան առաջնորդելու: Բ) Գործածութեան նպատակը եւս կարեւոր հարց մըն է, որ մեզ կը կողմնորոշէ, թէ ինչո՞ւ համար եւ ի՞նչ նպատակով պէտք է օգտագործենք ընկերային լրատուամիջոցները: Դժբախտաբար, անոնք շատ դիւրաւ մեզ կրնան մղել անպատասխանատու կեցուածքներ որդեգրելու եւ ապատեղեկատուութիւն կատարելու, երեւոյթ մը, որմէ պէտք է զգուշանանք՝ թէ՛ անհատական եւ թէ ընկերային մակարդակներու վրայ: Գ) Իբր փոքր ժողովուրդ մենք աւանդաբար հակազդելու քաղաքականութիւն մը որդեգրած ենք: Այսօր, նոյն ձեւով չենք կրնար շարունակել, ուրիշէն տարբեր ըլլալը չէ՛ որ մեր ինքնութիւնը կը բնորոշէ, այլ մեր արժէքներն են, որոնք կը կերտեն մեր հաւաքական ինքնութիւնը: Նկատի պէտք է ունենալ, որ ներկայ ընկերային լրատուամիջոցները կը փորձեն մէկ ինքնութեան շուրջ համախմբել ամբողջ ընկերութիւնը. արհեստագիտութեան պարտադրած այս նոր պայմաններուն տակ պարտինք կառչիլ մեր արժէքներուն՝ առանձ մեկուսացնելու մենք զմեզ եւ հեռանալու ուրիշներէն:
 

More News