News

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՏԵՂԵԿԱԳՐԱԿԱՆ, ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Հատոր Ա.

27 January 2016

2016 թուականի սկիզբը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ նուիրուած յուշամատեաններու Ժ. հատորին վերահրատարակութիւնը:

«Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ Տեղեկագրական, Պատմական Եւ Ազգագրական Ուսումնասիրութիւններ» հատորին նպատակը եղած է, ինչպէս Թորգոմ Արք. Գուշակեան պիտի ըսէր՝ «ինծի համար Հայ կամքին եւ ժողովրդական տաղանդին փառաւորումն է ան, եւ աւելին ան պանծացումն է Կեսարացիի հոգւոյն, եւ այս իսկ պատճառաւ պիտի արժէր որ ամէն Հայ ունենար զայն»:

«Հայ Կեսարիոյ Պատմութիւնը միայն ընթերցանութեան գիրք մը չէ, այլ Արգէոսի զաւակներուն՝ դարերու քրտինքով եւ արիւնով շաղախուած՝ այն հոյակապ Յուշարձանն է, որուն ճարտարապետը նոյնինքն նահատակ Կեսարացին եղած է», ինչպէս Ա. Հրատարակութեան յառաջաբանին մէջ նշուած է։

«Նիւթապէս փշրուած, մարմինով քայքայուած Արգէոսի բեկորները ի մի կը հաւաքենք այս հատորներուն մէջ, այդ բեկորներուն մէջ անմահ մնացած բարոյական արժէքները կը համադրենք, վերակերտելու, վերածաղկեցնելու համար Նոր Կեսարիան», կը շարունակէ յառաջաբանը։

Եւ այսպէս, շուրջ 1300 էջերուն մէջ հարուստ տեղեկութիւններով, քարտէսներով եւ նկարներով զարդարուած այս հատորը, այսօր կու գայ իր դարաւոր անցեալէն եկած մշակութային եւ այլ հարստութիւնները ցոյց տալու հայ ժողովուրդին:

«Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ» երկասիրութիւնը աշխատանքն է Արշակ Ալպօյաճեանի:

            «Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ» Ա. Հատորին նա՛եւ Բ.-ին մեկենասութիւնը ստանձնած են Կարօ եւ Լենա Փոստաճեաններ, ի յիշատակ իրենց կեսարացի մայրերուն՝ Տիկին Ազատուհի Դաւիթեան-Փոստաճեանին եւ Տիկին Շաքէ Էրզրումեան-Էտոյեանին: