8 January, 2016

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ

Հինգշաբթի, 7 Յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Հայ Կաթողիկէ Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Հոգեւոր Տիրոջ կ’ընկերանային Մանուէլ Պաթագեան եւ Գէորգ Ասատուրեան եպիսկոպոսները:
 
Վեհափառ Հայրապետը ընդունելէ ետք Հոգեւոր Տիրոջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին բարեմաղթութիւնները, քննարկեցին Սուրիոյ հայ համայնքին դժուարութիւնները, Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները: Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպումի աւարտին, Նորին Սրբութիւնն ու Հոգեւոր Տէրը Սուրիոյ հայ համայնքին իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին, եւ շեշտեցին ազգային միասնականութիւնը ամուր պահելու հրամայականը:
 

More News