4 Դեկտեմբերի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 4 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց Թէլէ Լիւմյէր-Նուր Սաթ պատկերասփիւռի կայանի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները, ընկերակցութեամբ նոյն պատկերասփիւռի հովանիին տակ գործող Նուր ալ Շարք հեռատեսիլի կայանին յանձնախումբը: Սոյն յանձնախումբին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ Դոկտ. Ժան Սալմանեանը:
 
Շուրջ տարի մը առաջ հաստատուած Նուր ըլ Շարք հեռատեսիլի կայանին ծրագիրները կեդրոնացած են Արեւելեան Եկեղեցիներուն վրայ: Հեռատեսիլի շաբաթական ծրագրին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յատուկ ծրագիր ունի, որ կը սփռուի Չորեքշաբթի օրերը ժամը 19:00-ին: Նոյն ծրագրին կրկնութիւնը կը սփռուի Կիրակի ժամը 17:00-ին եւ Երկուշաբթի ժամը 5:00-ին (ժամերը նշուած են լիբանանեան ժամով):
 
Յանձնախումբի անդամները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին պատկերասփիւռի կայանին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համագործակցութեան եւ առաջարկ ներկայացուցին աւելի ծաւալել այս աշխատանքը: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Թէլէ Լիւմյէր-Նուր Սաթի եւ անոր հովանիին տակ գործող բոլոր կայաններուն առաքելութիւնը, որ լսելի կը դարձնէ եկեղեցիներուն ձայնը սփիւռքացած իրենց զաւակներուն տուներուն մէջ:
 
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց «Պաշտպանութիւն Քրիստոնէութեան» Ամերիկայի համախմբումի Լիբանանի ներկայացուցիչ՝ Դոկտ. Ալեքս Մուքարզէլ: Սոյն համախմբումի կեդրոնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ է: Դոկտ. Մուքարզէլ Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամայի Իրաքի եւ Սուրիոյ կարգ մը փոքրամասնութիւններու մասին տալիք զեկոյցին մասին: Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ համամիտ է որ քրիստոնեաներ եւս ներառնուին այս զեկոյցին մէջ եւ թէ այս ուղղութեամբ իր ցուցմունքները պիտի տայ Ուաշինկթընի մեր համայնքի պատասխանատուներուն, որպէսզի Ուաշինկթընի մէջ «Պաշտպանութիւն Քրիստոնէութեան» համախմբումի ղեկավարներուն հետ հարկ եղած աշխատանքը տանին:
 

More News