23 Նոյեմբերի, 2015

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին եւ գործակցութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմին, Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 5-էն սկսեալ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի միջ-դպրաց դասերու միօրեայ երիտասարդական սեմինար «Կամաւոր Աշխատանքը եւ Եկեղեցին» թեմայով։

 

            Սեմինարին նպատակն էր համախմբել Լիբանանի Հայոց Թեմի կամաւոր ծառայող երիտասարդները, լսել անոնց փորձառութիւնները, բաժնեկից դառնալ անոնց կարծիքներուն ու մտահոգութիւններուն, ինչպէս նաեւ այլ երիտասարդներ կամաւոր ծառայութեան մղելու կերպեր ու միջոցներ որոնել:

            Բացման խօսքը կատարեց Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան: Ան բարի գալուստի խօսքեր արտասանելէ ետք, հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց Երիտասարդական բաժանմունքին գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ օրուան պատգամն ու յայտագիրը փոխանցեց երիտասարդներուն։

 

Սեմինարին առաջին զեկուցաբերն էր Հոգշ. Տ. Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանը, որ ներկայացուց «Կամաւոր ծառայութեան արժէքը Աստուածաշունչին եւ Եկեղեցւոյ դիտանկիւնէն»։ Հայր Սուրբը նշեց, որ կամաւոր աշխատանքը քրիստոնէական եկեղեցւոյ ծառայութեան մարզին ամէնէն կարեւոր դաշտը կը հանդիսանայ եւ ընդգծեց, թէ անցեալին եկեղեցին լայն աճ արձանագրած ու հաւատքը կեանքի վերածած է շնորհիւ կամաւոր ծառայութեան։ «Բոլոր ժամանակներու օրինակելի մեծագոյն ծառայողը Յիսուս Քրիստոսն է, որուն ուսուցած վարդապետութեամբ եւ անձին օրինակով, Ան մարդկային ընկերութեան առաջին ծառան հանդիսացաւ» շեշտեց Հայր Թորգոմը:

 

            Զեկոյցին աւարտին հարց պատասխաններու ընդմէջէն յաւելեալ քննարկում տեղի ունեցաւ եւ ստացաւ կլոր սեղանի բնոյթ, որուն ընթացքին Երիտասարդական բաժանմունքի անդամները իրենց մասնակցութիւնը բերելով ներկաներուն փոխանցեցին կամաւոր ծառայութեան իրենց անձնական փորձառութիւնները՝ զանազան մարզերու մէջ, ինչպէս եկեղեցական, ազգային, համայնքային եւ այլն։

 

            Սեմինարին երկրորդ բաժինով Երիտասարդական բաժանմունքի յանձնախումբի անդամ Տիկ. Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեան կազմակերպեց աշխատանոց մը, որուն նպատակն էր մասնակիցները մղել գործունեայ ըլլալու եւ ա՛լ աւելի առողջ ու ինքնաբաւ կեանք մը վարելու։ Աշխատանոցին ընթացքին Տիկ. Արզումանեան-Ղազարեան ներկայացուց բարօրութեան հիմնական 5 քայլեր, որոնք կը նպաստեն թէ՛ անձին առօրեան եւ թէ համայնքային կեանքի բարելաւման։ Աշխատանոցի ընթացքին մասնակիցները առիթ ունեցան մտածելու իրենց անձնական փորձառութիւններուն մասին եւ զանոնք կապելով բարօրութեան 5 քայլերուն՝ զրուցեցին եկեղեցւոյ մէջ կամաւոր ծառայութիւնը ա՛լ աւելի ազդեցիկ ու ինքնաբուխ ձեւով կատարելու մասին։ Իսկ աւարտին տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով ծրագիրներու մշակում, որ կը մտադրուի կայացնել Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ։

 

            Սեմինարի մթնոլորտին յաջորդեց ընկերային ընթրիքն ու Karaoke-ի երեկոն: Ներկաները ճոխացուցին մթնոլորտը հայերէն, արաբերէն, անգլերէն ու ֆրանսերէն երգերով:

More News