21 November, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԱԾ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻՆ

20 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական բաժանմունքին կողմէ ձեռնարկուած հայագիտական դասընթացքին: Վեհափառ Հայրապետը բաժանմունքի գործավար Տիար Ժիրայր Դանիէլեանի, դասաւանդողներու եւ Միաբան Հայրերու ներկայութեան հանդիպում ունեցաւ դասընթացքին արձանագրուած երեսունէ աւելի ուսանողներուն հետ:
 
 
Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար կարեւոր բնագաւառ է Արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը եւ այս առնչութեամբ տարբեր նախաձեռնութիւններու դիմած ենք: Նկատի ունենալով մեր Մայրենիին դիմագրաւած դժուարութիւնները, նաեւ հաստատեցինք այս դասընթացքը չորս տարիներ առաջ: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ փորձառական շրջանը անցած ենք եւ տարուէ տարի աւելի ծրագրուած կը պատրաստուին ու կը համադրուին դասընթացքին նիւթերը: Վեհափառ Հայրապետը պարզեց, որ յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ համալսարանական մակարդակի բարձրացնել այս դասընթացքը եւ նշեց, թէ այդ ուղղութեամբ արդէն սկզբնական աշխատանք մը կը տարուի:
 
 
Պարոն Դանիէլեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ ըսաւ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ աշակերտներու ընտրութեան իմաստով աւելի խստապահանջ էինք, այսօր աշակերտներու այսքան մեծ թիւով կը սկսինք մեր տարին: Ան վստահեցուց, որ այս նախաձեռնութիւնը անպայման իր դրական արդիւնքը պիտի տայ մեր գաղութէն ներս:
 
 

More News