2 Նոյեմբերի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ԳՈՀԱՐ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՏԻԿԻՆ ԳՈՀԱՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, ԳՈՀԱՐ երգչախումբին մաս կազմող շուրջ 200 անդամ-անդամուհիները այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք, առաջնորդութեամբ երգչախումբի հիմնադիր Տիկին Գոհար Խաչատուրեանին եւ իր երեք զաւակներուն՝ Յարութ, Շահէ եւ Նար Խաչատուրեաններու։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին Լիբանանի պետական հայ երեսփոխանները։

 

Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով ԳՈՀԱՐ երգչախումբին ներկայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, բարձր գնահատեց հայ երաժշտութեան գոհարները մեր ժողովուրդին տանելու իրենց առաքելութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ նաեւ ընդհանուր արժեւորումը կատարելով ԳՈՀԱՐ երգչախումբի ելոյթներուն, անդրադարձաւ անոր երաժշտական բարձր որակին, եւ դասականը ու արդիականը, անցեալը ու ներկան ներդաշնակօրէն իրարու ընդելուզող իր գնահատելի ճիգին։ Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը իր յատուկ գնահատանքը յայտնեց Խաչատուրեան ընտանիքին, որ ոչ միայն հիմնադիրն է եղած ԳՈՀԱՐ երգչախումբին, այլ նաեւ կը նպաստէ ԳՈՀԱՐի առաքելութեան առաւել ծաւալման ու ծաղկման։ Եւ որպէս իր սիրոյն ու գնահատանքին գործնական արտայայտութիւն, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց Տիկին Գոհար Խաչատուրեանը, այս պարգեւատրումին ճամբով իր գնահատանքը արտայայտելով Խաչատուրեան ընտանիքին եւ ԳՈՀԱՐ երգչախումբին։

 

More News