29 October, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանին և ներկայութեամբ փոխ ատենապետ պետական երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանի և Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Եղիկ Ճէրէճեանի:

Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան ազգային կեանքը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները։ Քննարկումներուն ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձ եղաւ սուրիահայերուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն և այդ գծով մեր ժողովուրդին զօրակցութիւնը շարունակելու հրամայականին։ Նաեւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարուեցաւ ցարդ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն և յատկապէս Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Կեդրոնական Յանձնախումբի ժողովին։

More News