19 Հոկտեմբերի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Աթէնք, ընդառաջելով Յունաստանի Արտաքին Գործոց նախարարին հրաւէրին, մասնակցելու Յունաստանի պետութեան կողմէ կազմակերպուած քրիստոնեայ եւ իսլամ առաջնորդները համախմբող համագումարին:

Համագումարին ընդհանուր խորագիրն է «Կրօններու ու մշակոյթներու խաղաղ գոյակցութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս»: Համագումարի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը խօսք պիտի առնէ:

Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Աթէնքի օդակայան ընկերակցութեամբ Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պետ՝ Ն.Ս. Եուհաննա Ժ. Եազիճի Պատրիարքին: Երկու հոգեւոր պետերը դիմաւորուեցան Յունաստանի մէջ Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպաններուն, Յունաստանի պետութեան եւ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն, Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանին, Թեմի հոգեւոր դասուն, Ազգային Վարչութեան անդամներուն, Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդին, ինչպէս նաեւ գաղութի զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:

More News