17 October, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԵՀՈՄ-Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Կաթողիկոս ընդունեց ՀԵՀՈՄ-ի նորընտիր վարչութիւնը: Հանդիպման ընթացքին ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան, ընդհանուր գծերու մէջ ներկայացուց ընտրութեան գործընթացն ու նոր վարչական անդամներուն պարտականութիւնները: Ապա, միութեան ատենպետ Յովիկ Յակոբեան, Նորին Սրբութեան ներկայացուց ՀԵՀՈՄ-ի տարեկան ծրագիրը:

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նոր վարչութեան ընտրութիւնը եւ ապա անդրադարձաւ ընդհանրապէս հայութեան ու մանաւանդ հայ երիտասարդութեան ժամանակակից այն մարտահրաւէրներուն, որոնք մեր նոր սերունդի զաւակները կը հեռացնեն մեր եկեղեցական, մշակութային ու ազգային արժէքներէն։ Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ թէ ՀԵՀՈՄ-ը իր զանազան երեսներով առաւել ներկայութիւն պէտք է  դառնայ մեր ազգային կեանքէն ներս, որպէսզի ՀԵՀՈՄ-ին դիմագիծը յստակ ու ճանաչելի դառնայ մեր հայ երիտասարդութեան:

More News