11 October, 2015

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՆԿԼԻԳԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

5-10 Հոկտեմբեր 2015-ին, Կլատսթոն գրադարանին մէջ, Ուէյլզ, Մեծն Բրիտանիա, գումարուեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան յանձնախումբի չորրորդ ժողովը:

 

Սոյն ժողովին Հայ Առաքելական Եկեղեցին ներկայացուցին՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ, իսկ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ:

 

Ժողովը շարունակեց քննարկել անցեալ տարուան նիստերու ընթացքին պատրաստուած Սուրբ Հոգւոյ վարդապետութեան նուիրուած համաձայնագիրը, որուն առաջին մասը՝ Սուրբ Հոգւոյ բղխման վարդապետութիւնը վերջնականացուեցաւ եւ ստորագրուեցաւ երկու համա-ատենապետներուն կողմէ: Ժողովականներ քննարկեցին Սուրբ Հոգւոյ դերակատարութեան հասկացողութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ըստ եկեղեցական երկու ընտանիքներու աւանդութեան:

 

Ժողովի ընթացքին մասնաւոր նիստ յատկացուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Կլատսթոն գրադարանին կից գտնուող Ս. Դանիէլ եկեղեցւոյ մէջ, Անկլիգան Եկեղեցւոյ նիրկայացուցիչներէն՝ Հայր Փաթրիք Թոմաս ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իր գիրքը եւ խօսեցաւ հայ ժողովուրդի նահատակութեան մասին: Իսկ նիստի աւարտին կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու նուիրուած յիշատակի արարողութիւն:

 

Յայտնենք, որ Համիտեան ջարդերու օրով, 1894-96, Մանչեսթըրի եւ Անգլիոյ զանազան շրջաններու մէջ հաստատուած հայերու կողմէ Մեծն Բրիտանիոյ նախկին Վարչապետ Ուիլիամ Կլատսթոնի ուշադրութեան կը յանձնուին թուրքերու կողմէ կատարուած ջարդերը: Ան զանազան առիթներով խստիւ կը դատապարտէ թուրքերու կողմէ կազմակերպուած եւ գործադրուած 300,000 հայերու ջարդը: Չորս անգամ վարչապետի պաշտօնը վարած Կլատսթոն, ազդեցիկ դէմք ըլլալով ո՛չ միայն Անգլիոյ այլ ամբողջ աշխարհի մէջ, անոր ձայնը լսելի կը դառնայ զանազան պետութիւններու մօտ: Հայեր, յերախտագիտութիւն Կլատսթոնի զօրակցութեան, անոր կը նուիրեն 16-րդ դարու հայերէն ձեռագիր աւետարան մը, յախճապակի մը եւ սկիհ մը: Վերջին երկուքը պահուած են Ս. Դանիէլ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ ձեռագիր մատեանը Կլատսթոնի անուան գրադարանին մէջ: Յանուն հայ ժողովուրդին, Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները երախտագիտութիւն յայտնեցին հայասէր Վարչապետ Կլատսթոնի արի կեցուածքին եւ հայ ժողովուրդին զօրակցութեան համար:

 

Յաջորդ տարուան ժողովը որոշուեցաւ կայացնել Անթիլիասի մէջ, 24-29 Հոկտեմբեր 2016-ին:

More News