30 Սեպտեմբերի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ

Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ի պատիւ պաշտօնական ընթրիք մը տուաւ, Հովուապետին Զուիցերիա կատարած այցելութեան ընթացքին:

Պաշտօնական ճաշկերոյթին ներկայ էին Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդի Նախագահ Դոկտ. Լոխըր, Գերմանիոյ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Նախագահը, Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսը, Զուիցերիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանը, Հայաստանի ու Լիբանանի հիւպատոսները, զուիցերիացի ծերակուտականներ եւ երեսփոխաններ, Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող պատուիրակութեան անդամները, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու եկեղեցական անձնաւորութիւններ:

Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առաւ Դոկտ. Լոխըր: Ան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այս այցելութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի եւ հայ-զուիցերեական բարեկամութեան ծիրէն ներս: Ապա, խօսք առաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հրաւէրին համար, հաստատելով որ իր այս այցելութիւնը առաւել եւս պիտի ամրապնդէ հայ-զուիցերիական բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը՝ յատկապէս հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան ծիրէն ներս: Նորին Սրբութիւնը նաեւ լայն տեղեկութիւն տուաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ շեշտեց քրիստոնեայ համայնքներու ներկայութեան կարեւորութիւնը շրջանէն ներս: Պետական Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խօսեցաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ Սուրիայէն Լիբանան ժամանած շուրջ մէկուկէս միլիոն գաղթականներու կենսապայմաններուն, ուսման եւ անոնց դիմագրաւած այլ դժուարութիւններուն մասին:

Խօսքերու աւարտին Դոկտ. Լոխըրի եւ Վեհափառ Հայրապետին միջեւ տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում:

More News