28 Սեպտեմբերի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան պետական տեսակցութիւններու ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Զուիցերիոյ Ծերակոյտի Նախագահ Քլոտ Հէշի հետ: Նորին Սրբութեան կ’ընկերանային Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Նախագահ Կոտֆրիտ Լոխըր, Լիբանանի Խորհրդարանի Երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունի եւ Արմէնօֆասի Նախագահ Տիկ. Թենի-Փիրրի Սիմոնեան:

Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպումի ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ պետութեան, եկեղեցիներուն ու ժողովուրդին 100 տարիներու հայ ժողովուրդին իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան: Ապա, անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութեան եւ ընդգծեց սուրիական տագնապին արագ լուծման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու ներկայութեան կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս:

Լիբանանի պետական Երեսփոխան Բագրատունի ընդհանուր պատկերացում մը տուաւ Լիբանանի քաղաքական կացութեան: Իսկ Տիկ. Փիրրի-Սիմոնեան խօսեցաւ Արմէնօֆաս Հիմնարկի մասին, յիշեցնելով թէ Արմէնօֆասը շարունակութիւնն ու փաստն է 100 տարիներու հայ-զուիցերիական գործակցութեան:

Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Զուիցերիոյ պետութեան Հայ Դատի գծով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան: Ան աւելցուց, թէ հայ ժողովուրդը կը սպասէ, որ ծերակոյտը եւս պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Ծերակոյտի նախագահը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ու այս այցելութիւնը նկատեց շինիչ: Արծարծուած հարցերուն առանձնաբար անդրադառնալով ըսաւ, որ Զուիցերիան մտահոգ է Միջին Արեւելքի կացութեամբ եւ իրենք Սուրիոյ հարցի լուծման գծով կրնան դիմել որոշ նախաձեռնութեան, խորհրդակցելով շրջանի ուժերու հետ:Նախագահ Հէշ նկատեց, թէ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կարեւոր է: Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին,անյստակօրէն յայտնեց, թէ սկզբունքային գետնի վրայ համաձայն են հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին գծովեւ Զուիցերիոյ կեցուածքը նոյնն է, սակայն որոշ զգայնութիւններ կան Զուիցերիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութեանց առնչուած: Ծերակոյտի նախագահը նաեւ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքէն Եւրոպա ժամանող գաղթականներու գծով:

Հանդիպումի աւարտին՝ տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում, որմէ ետք Ծերակոյտի Նախագահն ու Վեհափառ Հայրապետը ունեցան մտերմիկ զրոյց:

More News