27 Սեպտեմբերի, 2015

«ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ ԿԱՏԱՐԱԾ ՄԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄ ՄԸՆ ԷՐ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԴԱՏԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ԻՄԱՍՏՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

Երէկ գիշեր Պէռնի իր իջեւանած պանդոկին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդի Նախագահ Դոկտ. Լոխըրին, ընկերակցութեամբ Խորհուրդի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Դոկտ. Սերժ Ֆորներոյի: Հոգեւոր Պետերուն առանձին հանդիպումէն եւ իրենց գործակիցներու ներկայութեան միացեալ հաղորդագրութիւն ստորագրելէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց.-

 

            «Զուիցերիա Մեր այցելութիւնը տեղի ունեցաւ «100 տարիներու հայ-զուիցերիական զօրակցութիւն» խորագրին ներքեւ, եւ բնականաբար Մեր այցելութեան նպատակը այդ զօրակցութիւնը աւելի ամրապնդել էր: Կրնանք անվարան յայտարարել, թէ Մեր ունցած պետական ու կրօնական հանդիպումներու, մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ կատարած հարցազրոյցներու եւ հրապարակային ելոյթներու ճամբով վստահաբար հայ-զուիցերիական զօրակցութիւնը աւելի պիտի ծաւալի ու ամրապնդուի թէ միջ-եկեղեցական մարզէն ներս, թէ Հայաստանի ու Զուիցերիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի նկատմամբ Զուիցերիոյ որդեգրած կեցուածքին գծով: Մենք մեծապէս գոհ ենք ու շնորհակալ Մեր արծարծած հարցերուն, փոխանցած մտահոգութիւններուն եւ պարզած սպասումներուն գծով Զուիցերիոյ եկեղեցական ու պետական պատասխանատուներուն եւ ժողովրդային շրջանակներուն ցուցաբերած հետաքրքրութեան ու ընդառաջումին համար: Հետեւաբար, վստահ ենք որ Զուիցերիա Մեր կատարած այս այցելութիւնը նոր մղում մը պիտի տայ մեր երկու եկեղեցիներուն եւ պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան»:

 

            Դոկտ. Լոխըր բաժնելով Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտները, իր կարգին յիշեցուց, որ Նորին Սրբութեան հանդիպումներն ու հրապարակային արտայայտութիւնները մեծ գոհունակութեամբ ընդունուած են կրօնական ու պետական շրջանակներէն ներս եւ յոյս յայտնեց, որ վերանորոգ թափով շարունակուին մեր եկեղեցիներու եւ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւնները՝ միասնաբար դիմակալելու ներկայ աշխարհի տագնապներն ու մարտահրաւէրները:

 

More News