25 Սեպտեմբերի, 2015

«100 ՏԱՐԻՆԵՐ ԵՏՔ ԴԱՐՁԵԱԼ ՈՒ ՄԻՇՏ ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ ՊԷՆՅԷՆԻ ՈՒ ԺԸՆԵՒԻ ՄԵՐ ՈՐԲԵՐԸ ԵՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՑԻ ՄԱՐԴԱՍԷՐ ՈՒ ՀԱՅԱՍԷՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

24 Սեպտեմբեր 2015-ը միշտ վառ թուական պիտի մնայ հայ-զուեցերիական բարեկամութեան պատմութեան մէջ: Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Զուիցերիոյ Պէնյէն քաղաքին մէջ, յանուն հայ ժողովուրդին երախտագիտութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ պետութեան, եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդին, հայ ժողովուրդին նկատմամբ անոնց ցուցաբերած մարդասիրական վերաբերմունքին համար, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ յաջորդող շրջանին:

1896 թուականին, Պէնյէն քաղաքի պատուելին՝ Անթոնի Քրաֆդ Պոնարտ, լսելով Կիլիկիոյ մէջ կատարուող ջարդերուն ու հայ ժողովուրդի նահատակութեան մասին, զանազան դրամահաւաքներ կը կազմակերպէ ու կը սկսի իր հայասիրական եւ մարդասիրական իր գործունէութիւնը Զուիցերիոյ մէջ: Այնուհետեւ, Զուիցերիոյ զանազան քաղաքներու մէջ դասախօսութիւններ կը կազմակերպէ եւ կը խօսի հայ ժողովուրդի տառապանքներուն մասին, իր թմբիրէն արթնցնելով զուիցերիացի ժողովուրդը: Ան նոյնիսկ 1919 թուականին Միացեալ Նահանգներու օրուան Նախագահ Ուիլսընին նամակ մը կը յղէ, հայցելով անոր օգնութիւնը ի պաշտպանութիւն նահատակուող հայ ժողովուրդին: Քրաֆդ Պոնարտ հեղինակած է շարք մը գիրքեր նուիրուած հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ արդար իրաւունքներուն: Պատուելի Պոնարտի հայասիրական գործունէութիւնը առաւել եւս շօշափելի կը դառնայ, երբ շուրջ 2000 հայ որբեր կը բերէ Զուիցերիա եւ Պէնյէն քաղաքին մէջ դպրոց ու հայ որբերու տուն կը հաստատէ:

Հայ ժողովուրդի օգնութեան եւ մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալած այս հայասէրին ի յիշատակ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Զուիցերիոյ Արմէնօֆաս Հիմնարկը Պէնյէն քաղաքին մէջ յիշատակի ձեռնարկ մը կազմակերպած էր, որուն նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ ներկայ գտնուեցան պետական անձնաւորութիւններ, եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ շուրջ 150 զուիցերիաբնակ հայեր եւ զուիցերիացիներ:

Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Արմէնօֆասի նախագահ Տիկ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան, ապա յաջորդաբար խօսք առին՝ Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի ներկայացուցիչ Տիկ. Էսթէր Կայարտ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի հիւպատոս Տիկ. Յասմիկ Տոլմաճեան, Պէնյէնի քաղաքապետ Անթուան Նիքոլաս, Արմէնօֆաս Հիմնարկի Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչ Պատուելի Ռուտոլֆ Ռէնֆէր, Պէնյէնի որբերու շառաւիղը ներկայացնող որբի զաւակ Սերժ Երամեան եւ որբի թոռ Տիկ. Սեւան Յարութիւնեան եւ Պէնյէնի եկեղեցւոյ Պատուելի Տիկ. Իզապէլ Քուրթ: Ձեռնարկի ընթացքին նաեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր հնչեցին Կոմիտասի մեղեդիները:

Հանդիսութեան աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Վեհափառ հայրապետը փոխանցելու իր պատգամը: Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Քրաֆդ Պոնարտի մասին եւ զինք նկատեց զուիցերեացի ժողովուրդը ներկայացնող տիպար անձնաւորութիւն մը, որուն մէջ ամփոփուած էին իր ժողովուրդին արժէքներն ու ինքնութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Քրաֆդ Պոնարտի անձնաւորութեան ընդմէջէն, ամբողջ զուիցերիացի ժողովուրդին մարդասիրական արարքն է որ ի յայտ եկաւ: Բազմաթիւ երկիրներ զանազան շահադիտական եւ աշխարհաքաղաքական պատճառներով լքեցին հայ ժողովուրդը: Սակայն, զուիցերիացի ժողովուրդը հայ ժողովուրդին համար եղաւ “Բարի Սամարացի”: Անոնք հայ ժողովուրդին օգտակար չհանդիսացան միայն մարդասիրական ձգտումներով, այլ անոնց համար բարոյական ու հոգեւոր պարտաւորութիւն էր օգտակար հանդիսանալ ցեղասպանութեան ենթարկուող հայ ժողովուրդին»: Ան վստահեցուց թէ հայ ժողովուրդը միշտ կը յիշէ նեղութեան մէջ իրեն ձեռք երկարող անձերն ու ժողովուրդները եւ ուժեղ կը պահէ Զուիցերիոյ ժողովուրդին հետ իր բարեկամութիւնն ու յարաբերութիւնը: «Անթոնի Քրաֆդ Պոնարտ՝ ահաւասիկ զուիցերիացի մը, որ իր կեանքը զոհեց հայ որբերուն եւ մարդկային արժանապատուութեան համար: Մենք բնաւ պիտի չմոռնանք մեր անցեալը: Հայ-զուիցերիական բարեկամութիւնը խորապէս արմատացած է մեր եկեղեցիներուն ու ժողովուրդին հաւաքական յիշողութեան մէջ: Ո՛չ ժամանակը եւ ո՛չ ալ քաղաքական պայմանները պիտի կարողանան ազդել հայ-զուիցերիական բարեկամութեան վրայ: 100 տարիներ ետք դարձեալ ու միշտ կը յիշենք Պէնյէնի ու Ժընեւի մեր որբերը եւ զուիցերեացի մարդասէր ու հայասէր ժողովուրդը» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը: Իր խօսքի վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Պէնյէնի քաղաքապետին:

Աւարտին, ներկաներուն յուզումնախառն ձայնով երգուեցաւ «Կիլիկիա»ն եւ ապա Արամ Ա. Կաթողիկոս «Պահպանիչ»ով փոխանցեց Հայրապետական իր օրհնութիւնը:

More News