10 Հունիսի, 2013

Ազգային Ընդհանուր Ժողով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Չորեքշաբթի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը պիտի կատարուի Ազգային Ընդհանուր Ժողովին: Չորսէն հինգ տարին անգամ մը գումարուող Ազգային Ընդհանուր Ժողովին պիտի մասնակցին թեմակալ առաջնորդները, աւելի քան 100 պատուիրակներ թեմերէ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:

 

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը պիտի տեւէ երեք օրեր: Ան պիտի սկսի Վեհափառ Հայրապետի պատգամով, ապա պիտի ներկայացուին ու քննարկուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրները: Հետեւեալ վեց գլխաւոր հարցերը ժողովին քննարկումներուն մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւեն.- կրօնական դաստիարակութիւն, հայեցի դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւն, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակ, եւ զօրակցութիւն Սուրիոյ հայութեան:

 

Անկախ ժողովական աշխատանքներէն, ժողովականներ ներկայ պիտի ըլլան Հինգշաբթի երեկոյեան Պիքֆայայի վանքին մէջ տեղի ունենալիք Դպրեվանքի ամավերջի հանդէսին ու Հայ Մօր Տարուան նուիրուած Շնորհալի երգչախումբին համերգին, իսկ Ուրբաթ երեկոյեան պաշտօնական ճաշկերոյթին: Շաբաթ առաւօտեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ հանդիպում պիտի ունենայ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին հետ:

More News