News

2015 ՏԱՐԻՆ, ՆԱԵՒ` ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ

21 September 2015

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը բնորոշեց` «Յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել» բառերով:

Վեհափառ Հայրապետը խօսելով «յիշել» բառին մասին` ըսաւ. «Երբ կը խօսինք յիշելու մասին, առաջին հերթին եւ բնականաբար պէտք է յիշենք մեր նահատակները: Մենք չենք յիշեր մեր նահատակները որպէսզի անոնք չմոռցուին, այլ զանոնք կը յիշենք` որպէսզի անո´նք մեզ չմոռնան: Արդարեւ, մենք յիշեցի´նք մեր նահատակները, զանոնք յիշեցինք արժանաւորապէս, յիշեցինք յուզումով, տագնապով ու պահանջատիրական ոգիով»:

Եկէք պահ մը երեւակայենք մեր ժողովուրդին վիճակը ցեղասպանութեան օրերուն եւ ցեղասպանութեան յաջորդող օրերուն. անզաւակ մնացած որքա՜ն ծնողներ. անծնող մնացած որքա՜ն զաւակներ. որքա՜ն այրիներ ու որբեւայրիներ. որքա՜ն անտէր մնացած հիւանդներ, անկարներ ու ծերեր. ողբալից էր վիճակը մեր ազգի զաւակներուն. սգալից էր անոնց կեանքը. լալագին էր անոնց ամէնօրեան. բոլորը լքուած կը զգային. անօթութիւնը բոլորին դուռը կը բաղխէր. մինակ էին աքսորի ճամբուն վրայ. չկա´ր կարեկցող ու չկա´ր գութ ցուցաբերող: Հայը իրաւունք ունէր Դաւիթ մարգարէին նման ու անոր հետ ըսելու. «Գթացող մը փնտռեցի, բայց չկար: Մխիթարիչ մը փնտռեցի, բայց չգտայ» (Սղ 69.20):

Վեհափառ Հայրապետին համար, սակայն, յիշելը` մեր նահատակները յիշելը չէ միայն, այլ նաեւ յիշելն է անոնք` որոնք ցեղասպանութեան օրերուն եւ ցեղասպանութենէն յետոյ, ո´չ միայն ցաւակից եղան մեզի, այլեւ զօրակի´ց եղան մեր ազգի անզօր զաւակներուն, տէ´ր կանգնեցան անտերունչին, պաշտպանեցին անպաշտպանը, խնամեցին լքուածը ու փաթթեցին վիրաւորը: Որո՞նք էին անոնք: Անոնք առաջին հերթին մեր արաբ եղբայրներն էին, որոնց մօտ ասպնջականութիւնը կեանքի բնական ընթացք էր: Մենք վայելեցինք արաբ ժողովուրդին հիւրասիրութիւնը եւ չենք կրնար երախտագիտութեամբ չյիշել: Մեր կողքին կանգնեցան եւ օգնութեան ձեռք երկարեցին նաեւ զուիցերիացիները, որոնք իրապէս դարձան մեր ժողովուրդին բարի Սամարացիները: Արդարեւ, բարի Սամարացիին նման, անոնք ունեցան տեսնող աչք, գթացող սիրտ եւ օգնող ձեռք: Այո´, անոնք գորովանք փնտռող հայ մանուկին համար` գորովալից մօր գի´րկ եղան. ցրտահար դարձած հայ մօր համար` ջերմացնող շո´ւնչ եղան. խոցալից եղած հայ սրտին համար` բալասան եղան. իսկ սգալից հայ հոգիին համար` աստուածային մխիթարութիւն:

Նայի´նք մեր պատմութեան, եւ պիտի տեսնենք թէ ինչեր ըրին զուիցերիացիները մեր ժողովուրդին համար Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Լիբանանի, Յունաստանի ու Զուիցերիոյ մէջ: Անոնք Մեծն Ներսէս Հայրապետի օրինակով, որբանոցներ, ծերանոցներ ու կուրանոցներ կառուցեցին: Անոնք նաեւ այրիներուն համար պատսպարաններ հիմնեցին: Անոնք իրենց կեանքով փաստեցին, որ որբասէր Յիսուսի հետեւորդները` պէտք է սիրեն որբերը եւ տէ´ր կենան անոնց: Անոնք իրենց անպայման նուիրումով ցոյց տուին, որ ունէին առաքինութեանց մեծագոյնը` սէրը:

Եւ հետաքրքրական ու միաժամանակ ուշագրաւ է, որ անոնք իրենց ցուցաբերած սիրոյն ու օգնութեան փոխարէն` բնաւ բարոյական ճնշում չբանեցուցին մեր ազգի զաւակներուն վրայ, եւ բնաւ չփորձեցին դաւանափոխ ընել ոեւէ հայ: Առանց խտրութեան բոլորի´ն ծառայեցին: Իրենց ծառայութիւնը անսակարկ էր, սէրը` խորունկ, եւ գուրգուրանքը` անկեղծ: Որքան կը պատշաճին բառերը Աւետարանին՝ «Որովհետեւ անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի եւ ջուր տուիք, օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս, մերկ էի եւ հագցուցիք ինծի, հիւանդ էի եւ հոգ տարիք ինծի, բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք ինծի» (Մտ 25.35-36):

Մեր Ազգային Ծերանոցը, Կուրանոցը, ինչպէս նաեւ Բուժարանը (Ազունիէն) զուիցերիացիները իրենք հիմնած են: Ես անձնապէս, ամէն անգամ որ Ազգային Ծերանոց կամ Բուժարան երթամ Աստուծոյ խօսքը քարոզելու եւ Տիրոջ մարմինով ու արիւնով հաղորդելու մեր հայրիկներն ու մայրիկները, կը փորձեմ մտաբերել այն յոյժ կարեւոր բարիքն ու բարեգործութիւնը զոր զուիցերիացիները կատարեցին մեր ազգի կեանքին մէջ երբ հիմը դրին այս բարեսիրական հաստատութիւններուն:

Արդեօք մեր ժողովուրդի զաւակները որքանո՞վ ծանօթ են տագնապալից ու ճակատագրական այդ օրերուն զուիցերիացիներուն կատարած բարեգործութեան մեծութեան: Արդարեւ, մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է երախտապարտ ըլլան ու զգան այն զուիցերիացիներուն, որոնք բարեսիրական տարբեր-տարբեր հաստատութիւններ կառուցեցին մեղմելու համար վէրքը` մեր վիրաւոր ժողովուրդին: Այս իրողութենէն մեկնելով, նախքան Զուիցերիա իր մեկնիլը, Վեհափառ Հայրապետը միաբաններս իր շուրջ հաւաքեց եւ երախտագիտական ոգիով խօսեցաւ մեզի այն բարեսիրական աշխատանքներուն մասին զորս զուիցերիացիները կատարած են մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս ցեղասպանութեան յաջորդող ճակատագրական ժամանակներուն:

Սեպտեմբեր 20-ին, Շաբաթ օր առաւօտ կանուխ Վեհափառ Հայրապետը Զուիցերիա մեկնեցաւ, մեր ժողովուրդին երախտագիտութիւնը յայտնելու համար Զուիցերիոյ ժողովուրդին:

Զուիցերիոյ տարբեր-տարբեր քաղաքներուն մէջ եւ տարբեր-տարբեր հանդէսներու առիթով Վեհափառ Հայրապետին երախտագիտական խօսքերն ու պատգամները պիտի հնչեն Ֆրանսերէն, Գերմաներէն եւ Անգլերէն լեզուներով: Հանդիսութիւնները կազմակերպուած են Զուիցերիոյ Եկեղեցիներուն եւ Արմէնօֆաս Հիմնարկին կողմէ:

Հայ ժողովուրդին ու Զուիցերիոյ ժողովուրդին միջեւ հարիւր տարիներու բարեկամութիւն, գործակցութիւն ու զօրակցութիւն կայ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ այդ բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը կենդանի պահել:

Ահաւասիկ կարեւոր նպաստ մը մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան առաքելութիւնը յառաջ տանելու իմաստով: Առաքելութիւն մը, որուն լծուած է մեր քաջարի Վեհափառ Հայրապետը իր քաջարի հոգեւոր բանակին` միաբաններուն եւ թանկագին ժողովուրդին հետ:

Թող Աստուած առատապէս օրհնէ Զուիցերիոյ մարդասէր ժողովուրդը, եւ օրհնէ երախտագէտ մեր ժողովուրդի զաւակները:


Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան

Հոգեւոր Պատասխանատու
Ազգային Ծերանոցի եւ Բուժարանի