21 September, 2015

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐՆԵՐՈՒ

Անցնող օրերու ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները մասնակցեցան երկու միջ-կրօնական ժողովներու, որոնք տեղի ունեցան Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ:

 

            11-15 Սեպտեմբեր 2015-ին, Յորդանանի մայրաքաղաղ Ամմանի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային միջ-կրօնական համագումար մը՝ «Մամուլը՝ միջ-կրօնական երկխօսութեան վայր» խորագրով: Համագումարը կամակերպուած էր Ապտուլլա Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (KAICIID) կողմէ, գործակցութեամբ Ալ-Ազհարի, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի եւ Յորդանանի Թագաւորական Միջ-կրօնական Ուսումնասիրութեանց Կեդրոնին:

 

Համագումարը, որուն մասնակցեցան շուրջ 120 տարբեր կրօններու պատկանող եւ երկխօսութեան կեդրոններու մէջ աշխատող երիտասարդներ, նպատակ ունէր լուսարձակի տակ առնել մամուլի եւ ընկերային լրատուամիջոցներու անհրաժեշտ դերակատարութիւնը եւ անոր ուղիղ գործածութեան հրամայականը, քաջալերել համագոյակցութիւնը, հաստատել համաքաղաքացիութեան կարեւորութիւնը եւ դատապարտել կրօնքի անունով գործուած բռնութիւնը:

 

Սոյն համագումարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Տիար Գէորգ Յակոբճեանն ու Տիար Անդրանիկ Մանուկեանը, որոնք իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերին համագումարի աշխատանքներուն:

 

7-9 Սեպտեմբեր 2015-ին, Լիբանանի Սայտէթ ալ Ժապալ վանքին մէջ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ համագումար մը, նուիրուած Միջին Արեւելքի մէջ «Անհայրենիքութեան» հարցին՝ դիտուած ընկերային, մարդկային իրաւանց եւ կրօնական տեսանկիւններէ (Ending Statelessness in the Middle East: Prevention, Reduction and Protectioն): Սոյն համագումարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Օրդ. Սինթիա Արապկիրլեան: Նշենք, որ համագումարի կազմակերպութեան աշխատանքներուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ծառայութիւն եւ Ընկերային Արդարութիւն բաժանմունքի վարիչ՝ Տիկ. Սեդա Խտըշեանը:

More News