15 September, 2015

Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան Հատոր Բ.

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրամանով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն Սեպտեմբեր ամսուան մէջ լոյս տեսաւ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան Հատոր Բ.»ի վերահրատարակութիւնը:

«Համապատկեր»ին առաջին հատորը ներկայացուց արեւմտահայ մտքին ճիգը, իսկ երկրորդ հատորը կը ներկայացնէ վաւերական գրագէտները:

«Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան Հատոր Բ.»ին մէջ կան գլխաւոր երեք ռոմանդիգ դէմքեր, որոնք իրենց գրականութեան շարքին դասուած մանրամասնութիւններով կերտեցին նոր մտքեր, նոր տեսիլքներ եւ կեանքի նոր ելեւէջներ:

Այդ դէմքերն են՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան և Պետրոս Դուրեան։

Ռոմանդիգներէն Ալիշան քիչ չափով կը պատկանի Արեւմտահայ գրականութեան հարազատ յղացքին: Անոր քերթողական վաստակը դադրած է արդէն 1860-ին, թուական, ուր լիութիւն է Մկրտիչ պէշիկթաշլեան եւ ուր կը կազմաւորուի Պետրոս Դուրեան: 1870-ը կը փակէ մեր ռոմանդիզմին անդրանիկ ու հարազատ բխումը:

«Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան Հատոր Բ.»ը Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի Հրատարակչութիւններու 80-րդ հատորն է:

Սոյն հատորին խմբագրութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբան Վարուժան Արք. Հերկելեանը:

More News