14 September, 2015

«ՑԵՂԱՍՊԱՆԸ ՈՒԶԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԳԵՐԵԶՄԱՆԵԼ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՅՍՕՐ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ Է ԱՌԱԾ ՇՆՈՐՀԻՒ ԻՐ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԹԱՓԱԾ ԱՐԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Այնճարի Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող հրապարակին վրայ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական դիմաւորութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

Առաջնորդ Սրբազանին` Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին կողքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորելու եկած էին նաեւ՝ Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ.-ի Կեդրոնական Մարմինի Ատենապետ Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյէն, Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէէն եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքէն ներկայացուցիչներ, Այնճարի Քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր լեռ» Կոմիտէն, Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի շեփորախումբն ու սկաուտները եւ հոծ բազմութիւն մը:

Վեհափառ Հայրապետի ընդունելութենէն ետք ժողովուրդը ուղղուեցաւ Ս. Պօղոս Եկեղեցին, ուր Նորին Սրբութինը կատարեց կանոնական աղօթք: Ապա, ներկաները ուղղուեցան Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի ժողովրդային տօնախմբութիւնը:

Տօնակատարութեան բացման խօսքը եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որմէ ետք Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մուսա Լերան քայլերգներով հանդէս եկաւ Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի շեփորախումբը: Բացման խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ Համազգայինի «Տաւիղ» համոյթը (ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի), որ ներկայացուց նուագներու գեղեցիկ փունջ մը, որուն երգի կատարումներով ընկերակցեցաւ Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Այնուհետեւ հայկական ազգագրական երգերով ելոյթ ունեցաւ Հայաստանէն ժամանած ազգային երգերու մեկնաբան Հայկ Մխոյեան։

Հանդիսութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր պատգամը ներկայ բազմահազար ժողովուրդին, որոնք համալիր եկած էին գիւղէն եւ Լիբանանի զանազան շրջաններէն: Իր խօսքին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Այնճարի պատասխանատուները, որոնք լծուած են հայահոծ այս աւանին ծաղկման աշխատանքներուն։ Նորին Սրբութիւն յատկապէս ըսաւ. «Անճարը գիւղ էր, ապա եղաւ գիւղաքաղաք. այսօր հինգ տարիներ յետոյ երբ կ’այցելեմ Այնճար կրնամ անվարան յայտարարել թէ Այնճարը վերածուած է քաղաքի՝ շէնցած ու զարգացած»։ Անդրադարնալով Մուսա լերան Հերոսամարտին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակներուն Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «այս երկու ամեակները մէկ եւ նոյն պատգամը ունին տալիք հայ ժողովուրդին. ամուր պահեցէք ձեր պահանջատիրական կամքն ու վճռակամութիւնը»։

Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս շեշտեց հերոսներու ու նահատակներու առանցքային դերը ազգերու կեանքէն ներս։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «ցեղասպանը ուզեց Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը գերեզմանել, սակայն այսօր հայ ժողովուրդը յարութիւնն է առած շնորհիւ իր հերոսներուն եւ նահատակներուն թափած արեան»։ Անդրադարնալով Լիբանանէն ներս վերջին շրջանին հաստատուած սուրիահայերու մասին Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց թէ` «ամէն գնով պարտաւոր ենք օգտակար հանդիսանալու սուրիահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք պայմաներու բերումով ժամանակաւորապէս հաստատուած են Լիբանանի մէջ»։

Ապա Վեհափառ Հայրապետը շրջեցաւ ժողովուրդին մէջ, ողջունեց ներկաները, մօտէն հետաքրքրուեցաւ Այնճարէն ներս ժամանակաւորապէս հաստատուած սուրիահայերու վիճակով եւ իր օրհնութիւնը ու գնահատանքը տուաւ ժողովուրդին։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ

Կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ` Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով: Պատարագիչն էր Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:

Օրուան խորհուրդն ու պատգամը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ան իր քարոզին մէջ ըսաւ, թէ մեր կեանքը պէտք է վերածենք խաչակեդրոն կեանքի, որովհետեւ առանց խաչի անիմաստ է քրիստոնէական կեանքը: Ան ըսաւ, թէ հրաշք է հայ ժողովուրդին գոյութիւնը պատմութեան փոթորիկներուն մէջ եւ թէ հայ եկեղեցին իր պատմութեան ընթացքին եղած է հայ ժողովուրդի կողքին` դառնալով մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութեան ռահվիրան, իր խաչով պայքարելով սուրով պայքարող հայ հերոսներու կողքին:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք հաւատացեալները Վեհափառ Հայրապետին առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի Մուսա Լերան յուշարձան-համալիրը, ուր տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքը` Նորին Սրբութեան ձեռամբ, Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակներու յիշատակին։

Ապա պաշտօնական ներկայացուցիչները ճաշի հիւրը եղան Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ։

More News