News

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԱՆԼՌԵԼԻ ՁԱՅՆԸ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԷՋ

31 August 2015

Կիլիկիա՜, մեր սրտի սէր ու սնունդ:
Կիլիկիա՜, մեր հոգու շունչ ու շող:
Կիլիկիա՜, մեր մտքի երգ ու երազ:
Կիլիկիա՜, մեր կեանքի զարդ ու զատիկ:

Հերոսական տեսիլքի, վիմածին կամքի ու ամրակուռ հաւատքի տէր, եւ արդարութեան ձայնի անխոնջ շեփորահար Հայրապետ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, բացառիկ մտայղացումը ունեցաւ միաբաններէ կազմուած պատուիրակութիւն մը առաքելու Սիսի մեր դարաւոր Կաթողիկոսարանը, հոնկէ´ խօսելու նահատակներուն եւ նահատակներուն անունով, խօսելու ողջերուն եւ ողջերուն անունով, եւ պատգամելու, թէ` ժառանգութիւն մը չի´ մոռցուիր այնքան ատեն որ ժառանգատէրը կը մնայ պահանջատէր. իրաւունք մը չի´ կորսուիր այնքան ատեն որ իրաւատէրը տէ´ր կը կանգնի իր իրաւունքին: Սիսի մեր սրբազան ու լուսածին ժառանգութեան ժառանգատէրը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն է իր ինքնանուէր Վեհափառ Հայրապետով, իր նուիրեալ միաբանութեամբ, եւ իր Կիլիկիասէր ու հաւատաւոր ժողովուրդով:

Ամբասիր սիրտ ունեցող ո՞ր մարդուն սիրտը յուզումով չպատուեցաւ երբ լսեց սրտին ձայնը Վեհափառ Հայրապետին, զոր հնչեց Կիլիկիոյ եկեղեցիներուն լռեցուած զանգերուն փոխարէն:

Մաքուր հոգի ունեցող ո՞ր մարդուն հոգին անպատում ցնծութեամբ չհամակուեցաւ երբ լսեց հոգիի պոռթկումը Վեհափառ Հայրապետին, զոր բղխեցաւ իր հոգիի ալուցքներէն երեսն ի վեր աներես թշնամիին:

Ապագայատես միտք ունեցող ո՞ր մարդուն միտքը հաւատքի յարութեան լոյսով չողողուեցաւ երբ լսեց յարութեան յոյսով օծուն Վեհափառ Հայրապետին նշխարակերպ խօսքը:

Արդարեւ, նշխար մըն էր Վեհափառ Հայրապետին խօսքը, զոր բաշխուեցաւ Կիլիկիադաւան չորս միաբաններու սրտի սկիհէն` Կիլիկիայէն հեռու բայց Կիլիկիան իրենց մէջ ապրեցնող ու անով ապրող մեր ազգի զաւակներուն:

Չորս քաջարի միաբաններ, Նորին Սրբութեան կողմէ Սիս ղրկուելով` դարձան Յովհաննէս Մկրտիչի ոգիով տոգորուած չորս նախակարապետները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, աւետելով Սիսի անկենդան բայց մշտակեաց աճիւններուն` սիրոյ ջերմ հպումը պատմութեան անարդարութեան դէմ մարտնչող ու պատմութիւն կերտող Հայրապետին` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:

Չորս անվեհեր միաբաններ, լո´յս տարին հոգեղէն Կիլիկիայէն դէպի պատմական Կիլիկիան, ու զանիկա զետեղեցին անճրագ բայց մշտավառ կանթեղին մէջ Սիսի Կաթողիկոսարանին, եւ յո´յս բերին պատմական Կիլիկիայէն դէպի Անթիլիասի պատմակերտ Կիլիկիան, ու զանիկա Վեհափառ Հայրապետին ձեռքով զետեղեցին Լուսաւորչավառ հաւատքի կանթեղին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:

Հայոց աշխարհի դրախտին` Սիսի Կաթողիկոսարանին հաւատքի այդ կանթեղը անշէջ ու անշիջանելի մնաց թուրքիոյ կողմէ յարուցուած արիւնալից ալիքներուն դէմ: Եւ հաւատքի այդ կանթեղը, հաւատքի Հայրապետին` Սահակ Կաթողիկոսին ձեռքով հասաւ մինչեւ Անթիլիաս, ուր իր վերածնունդը ապրեցաւ դրախտ Կիլիկիան:

Այո´, դրախտ մըն էր Կիլիկիան, իսկ այդ դրախտին կենաց ծառը` Սիսի Կաթողիկոսարանը: Դար մը առաջ, մեր ազգի զաւակները ամէնէն դաժան միջոցներով հեռացուեցան իրենց դրախտէն ու այդ դրախտի կենաց ծառէն, եւ փակուեցաւ դրախտապատկեր Կիլիկիայի դուռը` դրախտածին մեր ժողովուրդին դիմաց: Եւ սակայն, մեր ազգի զաւակները ընդհանրապէս, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնաւորաբար, չմոռցան Կիլիկիան ու անոր սրտի սկիհը` Սիսի Կաթողիկոսարանը: Եւ ահա դար մը ետք, թրքափակ այդ դուռը ուժգնօրէն կը բաղխուի Վեհափառ Հայրապետին հայրապետական ասային հարուածովը, եւ հոնկէ թեթեւընթաց քայլերով մուտք կը գործեն հոյլ մը միաբաններ, կ'ընթերցեն պատգամը Նորին Սրբութեան, եւ ատիկա կը դառնայ պատգամ մը իւրաքանչիւրիս ուղղուած` չմոռնալո´ւ Կիլիկիան, չմոռնալո´ւ Սիսի Կաթողիկոսարանը:

Խրախուսի´չ էր մտածումը, եւ խիզախ` առնուած քայլը: Ահա այդ խիզախ հոգիի որդեգրութեան մեզ կը հրաւիրէ Սուրբ Աթոռիս Արժանընտիր Գահակալ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Մենք հոգեւոր զինուորները Վեհափառ Հայրապետի արի բանակին, պիտի շարունակենք մեր հաւատքի քաջ գնացքը դէպի արդարութիւն, դէպի մեր ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացում: Թող որ Կիլիկիան ապրի մեր սրտին մէջ, եւ թող որ Սիսի Կաթողիկոսարանին հասնելու տեսիլքը անստուեր մնայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգիին մէջ:

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան