28 Օգոստոսի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ և ՄԱՐՈՆԻԹ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 27 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Խորհրդարանի Նախագահ Ն.Վ. Նեպիհ Պըրիին ներկայացուցիչները: Հանդիպման ընթացքին քննարկումի յատուկ նիւթ դարձաւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերը, ինչպէս նաեւ երկրին անդորրութիւնը պահելու և նախագահական ընտրութիւնը շուտաբոյթ կերպով կատարելու հրամայականը։

Վեհափառ Հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ժողովրդային ընվզումին նկատմամբ, միաժամանակ զգուշացնելով ժողովրդային ցոյցերուն քաղաքական բնոյթ տալու և օրինական ուժերու հետ բախումներ յառաջացնելու վնասաբեր փորձերէն։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց շուտաբոյթ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, զայն նկատելով երկիրը դիմագրաւող շարք մը հարցերու լուծման առաջնորդող ապահով ճանապարհ։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մարոնիթ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Րայի Պատրիարքին ներկայացուցիչը։ Այս վերջինը տեղեակ պահեց Նորին Սրբութիւնը վերջերս Պատրիարքին ունեցած հանդիպումներուն գծով, յատկապէս՝ նոր նախագահի ընտրութեան առնչուած։ Խորհրդակցութեան գլխաւոր նիւթը դարձաւ յառաջիկայ Երկուշաբթի օրուան Պքէրքէի մէջ տեղի ունենալիք քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպումը։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը իր պատկերացումը ներկայացուց հոգեւոր պետերուն կողմէ կատարուելիք յայտարարութեան գծով։

More News