26 Օգոստոսի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 26 Օգոստոս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Յունաստանի նորանշանակ դեսպան Թէոտոր Փասսաֆը։

 

Նկատի ունենալով դեսպանին նոր նշանակումը, Նորին Սրբութիւնը լայն բացատրութիւններ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, Սփիւռքի գաղութներուն, Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան մասին։

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ յառաջիկային Աթէնքի մէջ տեղի ունենալիք Նորին Սրբութեան պետական ու կրօնական հանդիպումները։ Յայտնենք, որ այս նախաձեռնութիւններուն գծով Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է։

 

Դեսպանը իր կարգին պարզեց Յունաստանէն ներս ստեղծուած վերջին շրջանի կացութիւնն ու դժուարութիւնները։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ յունահայ գաղութին եւ յունական ընկերութեան մէջ ունեցած դրական ներդրումին մասին։ Վերջապէս, դեսպանը իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով։

 

More News