News

ՍԻՍԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ՈՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՅՐ ՕՃԱԽ

24 August 2015

 

            1045 թուականին, 160 բեղուն եւ առլցուն տարիներու անցեալ, եւ հազար ու մէկ եկեղեցիներու տիտղոսով դրոշմուած մշակութային մայրաքաղաք Անին որպէս կեդրոն ունեցող Բագրատունիներու հարստութիւնը վերջնականապէս շիջեցաւ։

            Սակայն 11-րդ դարու աւարտին, նոր հարստութեան մը սկիզբով, նոր արշալոյս բացուեցաւ հայոց համար։ 1080 թուականին, Ռուբէն իշխանը հայկական նոր թագաւորութեան մը հիմը դրաւ Կիլիկիոյ մէջ, հայերուն համար քաղաքական կեդրոն դարձնելով Կիլիկիան։

            1293 թուականին, Եգիպտոսի Աշրաֆ սուլթանին ձեռամբ Հռոմկլան իր անկումը ունեցաւ։ Այս պատճառով Գրիգոր Է. Անաւարզեցի Կաթողիկոսի օրով, Հայոց Հայրապետական Աթոռը փոխադրուեցաւ Սիս` Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաքը։  

            Անի-Սիս ժամանակամիջոցին, Հայոց Հայրապետական Աթոռը իրեն կեդրոն ունեցաւ նախ Թաւբլուրը ապա Ծամնդաւն ու Ծովք-դղեակը եւ վերջապէս շուրջ մէկ ու կէս դար Հռոմկլան։

            Հայոց Հայրապետական Աթոռին Սիս փոխադրութեամբ, Կիլիկիոյ մայրաքաղաքը դարձաւ հայոց նաեւ կրօնական ու հոգեւոր բարձրագոյն կեդրոնը եւ հոգեմտաւոր ու մշակութային վառ օճախ։

 

ԿԻԼԻԿԻԱՆ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Այս նորակերտ հայրենիքին մէջ, նոր արարումներով հարստացաւ հայ եկեղեցին ու հայ մշակոյթը, որոնց գանձարանը լեցուեցաւ ոգեղէն նոր հարստութիւններով:

Վարդապետներ, մատենագիրներ, օրինակողներ ու ծաղկողներ, իրենց հոգիի լոյսէն, մտքի գանձէն ու սրտի արիւնէն լեցուցին հայ դպրութեան անուշահամ գինիի կարասին մէջ, յաւերժացնելով պատմութիւնը հայոց, ի գիտութիւն գալիք բոլոր սերունդներուն: Գէորգ Սկեւռացին, Յովհաննէս Պլուզ Վարդապետը, Մովսէս Երզնկացին եւ դեռ շա՜տ ուրիշներ, փառքի դափնեկիրներ չդարձան, սակայն երախտիքի արժանացան յաջորդող սերունդներէն, ու յաւերժացան իրենց հոգեմտաւոր արգասիքով:

 

 

ԿԻԼԻԿԻԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Կիլիկեան հայրենիքը դարձաւ կեդրոն նաեւ մշակութային հարստութեան։ Այսօր Թորոս Ռոսլինի, Պիծակի նուրբ արուեստի ու գոյներու հիանալի ներդաշնակութեամբ մանրանկարները անկրկնելիութեամբ կը յատկանշուին։ Կիլիկեան շրջանի Հայկական ձեռագիր մատեաններու անգնահատելի հարստութիւնը, իւրաքանչիւր թերթի խորհուրդը, զայն շօշափող ու դարձնող հայ թէ օտար մարդը իր մատներու ծայրին կը զգայ, թէ ինչպիսի մեծ վերելք ունեցաւ Կիլիկեան շրջանին:

Թագաւորական օծման արարողակարգը իր մէջ բովանդակող Սսոյ Մայր Մաշտոցը, որու տառերուն ու տողերուն վրայ հայոց արքաներու աչքերուն հայեացքը ինկած է, ու ընթերցած հայոց ազգին ղեկավարութիւնը ստանձնելու ուխտագիրը, բնաւ պիտի չկորսնցնէ իր հմայքը, դարձեալ կազմելով փառքը այն քաղաքին՝ Սիսին, որուն մէջ գրուեցաւ ան, ու կտակուեցաւ հայ ազգին:

Հայ ժողովուրդի զաւակներու ճակատները իր դրոշմով իրարու կապող ու իր բոյրով հայը օտարէն զանազանող Սուրբ Միւռոնը, քանի-քանի անգամներ օրհնուեցաւ այս յաւերժական մայրաքաղաքին մէջ, հայոց հայրապետներուն ձեռամբ, որուն պարունակին՝ Միւռոնի հրաշակերտ կաթսային մէջ եկաւ մտնելու հայ եկեղեցւոյ գլխաւոր Սրբութիւնը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի օրհնաբաշխ Աջը: Միւռոնաթաթախ այս Աջի հովանիին տակ բազմիցս փրկուած քաղաքը՝ Սիսը, միշտ երկիւղածութեամբ վարուեցաւ եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբի նուիրական մասունքին հետ, անոր պաշտպանութեան ու պահպանումին գործը յանձնելով Աջապահեան յատուկ տոհմին:

Իր բերդանման Կաթողիկոսարանը, որուն մէջ կը պահուէին այս հարստութիւնները, մնայուն հոգածութեան առարկայ դարձաւ հայոց հայրապետներուն կողմէ, որոնցմէ ամէն մէկը անոր վրայ քար մը աւելցուց, մինչեւ որ Կիրակոս Մեծագործ Կաթողիկոսի օրով հիմնական վերանորոգութեան ենթարկուեցաւ, զարդարուելով Ս. Սոֆիա հսկայ Մայր Տաճարով:

 

ԿԻԼԻԿԻԱՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Հայ Սփիւռքի հիմքն է Կիլիկեան Հայաստանը: Աշխարհին բացուելու պատուհանը եղաւ անիկա: Լատիններու հետ երկխօսութեան, յարաբերութեան տարբեր մակարդակներու աշխատանքները օրուան քաղաքական իշխանութիւններուն կողքին ու երբեմն անոնցմէ աւելի, հայ եկեղեցին ինք կատարեց իր լուսամիտ հայրերու բանիմաց քաղաքականութեամբ: Ս. Ներսէս Շնորհալին եւ Լամբրոնացին, առաջնակարգ անուններ են հայ եկեղեցւոյ արտաքին քաղաքականութիւնն ու աստուածաբանական երկխօսութիւնը ծաւալելու գործունէութեան մէջ:

Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն հիմնադիրները ու քրիստոնէական տարբեր եկեղեցիներու միջեւ փոխադարձ հասկացողութեան օրինակելի առաջին արարքները, Կիլիկեան Հայաստանի հայ հոգեւորականներուն կը պարտի մեր եկեղեցին:

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍԸ ՆՈՐ ՍԻՍ ԵՒ ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ

Կիլիկիան ու անոր արծուեբոյն Սիս մայրաքաղաքը կորսնցելը թուրքին նենգ ու ոճրային Ցեղասպանութեան կանխամտածուած արարքով, յուսաբեկման ու քայքայման չառաջնորդեց ազգը, որ բազմաթիւ անգամներ մեռնելու եւ յառնելու վիճակներու մատնուած էր պատմութեան ընթացքին:

1930 թուականը ժամանակն էր դարձեալ ծնելու, այս անգամ Անթիլիասի մէջ, իբրեւ նոր կեդրոնը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան քանդուած ու աւերուած բոյնին: Այսօր Անթիլիասի մէջ պատմութիւնը կը շարունակուի գրուիլ նուիրեալ աշխատանքով: Աշխատանք, որուն մէջ խառնուած է «ճերմակ արիւնը» հայրապետէն մինչեւ դպիրին, ղեկավարէն մինչեւ սպասաւորին:

Մշակոյթի գանձատունը նոր իրագործումներով հարստացնել, հայ դպրութիւնը ծաղկեցնել, հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը պահպանել, միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն տարածքը ընդարձակել, մարդերով կը կատարուի, որուն մէջ մեծ է դերը նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին: Սիսի մէջ ջարդուած ու կոտորուած մարդոյժը այստեղ նոր սերունդներով կը համալրուի, աւելի՛ պատրաստուած, աւելի՛ բարձրագոյն ուսման հասած, աւելի՛ պատրաստակամ ու յանձնառու:

Վերջապէս, Անթիլիասը այսօր Սիսի հայելիին մէջէն արտացոլացող շողք է, որուն նայելով, հայն ու օտարը պիտի տեսնեն փառաւոր անցեալի՝ թագաւորական ու հայրապետական մականներու վերընձիւղումը, որ երաշխիքն է մեր ազգի ու եկեղեցւոյ վառ արշալոյսներուն ու յաւերժութեան:

 

ԹՈՐԳՈՄ ՎՐԴ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ