22 Օգոստոսի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՈՒՆԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2015-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Անտիոքի Ասորի Կաթոլիկ հոգեւոր պետ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքը։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքի կացութեան, քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաուած դժուարութիւններուն և Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին հետ առնչուած մտահոգութիւններ ու ծրագիրներ։

Եունան Պատրիարքը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին Սուրիոյ մէջ օր մը առաջ իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ իրենց եկեղեցւոյ պատկանող վանքի դէմ կատարուած յարձակումին և եղած քանդումներուն մասին։

Վեհափառ Հայրապետը դատապարտեց ծայրայեղ տարրերուն կողմէ եղած բոլոր տեսակի վայրագութիւնները ու շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց իսլամ կրօնական թէ քաղաքական պատասխանատուներուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը։

Հանդիպման աւարտին Եունան Պատրիարք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով իր յարգանքը ու զօրակցութիւնը արտայայտեց հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Ապա, ան շրջեցաւ Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս ու մօտէն ծանօթացաւ այնտեղ կատարուած շինարարութիւններուն ու բարեզարդումներուն։

 

More News