15 August, 2015

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Սուրբ Ասուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով եւ կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան, Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մասնակցութեամբ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբին, եւ ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, տուտուկահար Յակոբ Քէլուկեանի, Շուի եւ Ֆլիւթ Կարօ Սուաքճեանի, ինչպէս նաեւ ՀԵՀՈՄ-ական երիտասարդ-երիտասարդուհիներու:

Բացման խօսքը կատարեց Օրդ. Դալար Թաթոյեանը: Յայտագիրը սկսաւ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբի հայ եւ օտար երաժշտութիւններու ներկայացումով ու ասմունքով, որմէ ետք մենակատարներ տուտուկի, շուիի, թաշնամուրի եւ Ֆլիւթի հոգեթով նուագներով դիւթեցին մթնոլորտը: Ապա ՀԵՀՈՄ-ականներ երեկոն ճոխացուցին հայկական դասական ու ազգային երգերով:

Փակման խօսքը կատարեց ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեանը ըսելով, թէ Աստուածամօր Վերափոխման տօնը, աղօթքի, խունկի, շարականի կողքին նաեւ ուրախութեան ու ցնծութեան տօն է: Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ շատ են նման տօները, ինչպէս Վարդավառի, Խաչվերացի եւ այլ տօները: Պէտք է ուրախութեամբ տօնել այս տօները, որովհետեւ անոնք յաթանակի տօներ են, եւ զանոնք պէտք է յիշատակել հայկական երաժշտութեամբ, հայ երգով ու պարով:

Խօսքի աւարտին հայր սուրբը իր շնորհաւորութիւններն ու գնահատանքը յայտնեց յայտագիրը ներկայացնող բոլոր մասնակիցներուն:

 

More News