News

Սուրբ Կոյս Մարիամին Դերակատարութիւնը Փրկագործութեան Մէջ:

13 August 2015

 

Որոշ հոսանքներ կը մերժեն որ Մարիամ ոեւէ դերակատա­րութիւն ունեցած է կամ ունի մեր փրկագործութեան մէջ: Եւ սակայն, Մարիամի դերակատարութիւնը մեր փրկագործութեան մէջ անուրանալի է: Փրկչին ծնողը չպատուողը` անպատուած կ'ըլլայ անկէ ծնածն ալ: Աստուած կը պատուիրէ որ յարգենք ու պատուենք մեր ծնողները. եթէ երբեք մեր ծնողները պէտք է յարգենք ու պատուենք, որքա՜ն աւելի պէտք է յարգենք ու պատուենք Աստուծո´յ ծնողը: Որքա՜ն կը ցաւի մեր սիրտը, երբ կը լսենք օտար քարոզիչներ, որոնք ժամերով կը խօսին մեր ծնողները յարգելու ու պատուելու աստուածային պատուիրանին մասին, բայց ո´չ մէկ ակնարկութիւն կ'ընեն Քրիստոսի ծնողը յարգելու ու պատուելու մասին: Իսկ Մարիամը պատուելը լոկ խօսքով չ'ըլլար: Պատուելու համար Մարիամը` պէտք է հնազանդիլ անոր: Ղուկաս կը հաստատէ թէ «Յիսուս ծնողներուն հետ միասին Նազարէթ գնաց, եւ հնազանդ մնաց անոնց» (Ղկ 2.51): Արդ, եթէ Յիսուս հնազանդ էր Մարիամի, մենք ո՞վ ենք որ չհնազանդինք Մարիամի: Եթէ Յիսուս սիրեց ու պատուեց իր մայրը, մենք ո՞վ ենք որ չսիրենք ու չպատուենք իր մայրը:

 

Ինչպէս կարելի չէ ծառը ընդունիլ բայց մերժել անոր պտուղը, նոյնպէս ալ կարելի չէ ընդունիլ կենսատու պտուղը` Յիսուս, եւ մերժել այդ պտուղը հասունցնողը` Մարիամը:

 

Եթէ Յիսուս կեանքի Հացն է, այդ Հացը իր մէջ պահող ոսկի սափորը սուրբ կոյս Մարիամն է: Այդ Սափորը անտեսողը` կեանքի Հացէն ալ կը զրկուի:

 

Եթէ Յիսուս փրկութեան ուրախութիւնը պարգեւող Գինին է, այդ Գինին իր մէջ ներառնող հնձանը սուրբ կոյս Մարիամն է: Մարիամը մերժողը` փրկութեան յոյսն ու ուրախութիւնն է որ մերժած կ'ըլլայ:

 

Եթէ Յիսուս նորոգիչ Գետն է, այդ նորոգիչ Գետի աղբիւրը սուրբ կոյս Մարիամն է: Ուստի, առանց Մարիամին չկայ նորոգութիւն:

 

Եթէ Յիսուս կենսատու Պտուղ է, այդ Պտուղը հասունցնող ծառը սուրբ կոյս Մարիամն է: Մարիամը մերժողը` կենսատու պտուղն է որ կը մերժէ:

 

Կատարենք քանի մը մէջբերումներ որոշ հեղինակներէ ու հայրերէ, որոնք ցոյց կու տան Մարիամին դերակատարութիւնը մեր փրկագործութեան մէջ.-

 

ա) «Կը բաւէ, ո՜վ Տիրուհի, որ դուն ուզես մեր փրկութիւնը, եւ անկարելի կ'ըլլայ մեր կորուստը» (Անսելմոս):

 

բ) «Երանելի է եւ երանելի պիտի հռչակուի Կուսամայրը, որովհետեւ բոլոր ընտրեալները անոր միջոցաւ պիտի հասնին յաւիտենական երանութեան» (Իլտէֆոնս):

 

գ) «Մարիամէն պաշտպանուած հոգիները անշեղօրէն կը հասնին երանութեան» (Անտոնին):

 

դ) «Անոնք որոնք չեն ծառայեր Մարիամին, պիտի չփրկուին, քանի այս գերազանց Մօր օգնութիւնը մերժելով` կը լքուին թէ´ Աստուծոյ Որդիին օգնութենէն եւ թէ´ երկնային արքունիքէն» (Յովհաննէս Դամասկացի):

 

ե) «Մարիամ ամբողջ յոյսն է մեր փրկութեան» (Թովմաս Ագուինացի):

 

զ) «Ամենասուրբ Կոյս, եթէ կ'ուզես որ մենք փրկուինք` ա´ռ մեզ քու պաշտպանութեանդ տակ. քանի որ քու միջնորդութենէդ դուրս` մենք չունինք ուրիշ յոյս մը` հասնելու փրկութեան» (Եփրեմ Խուրի Ասորի):

 

Վերջապէս, պէտք է հաստատել ու յայտարարել, թէ ո´չ ոք թող խորհի թէ կրնայ Արքայ Յիսուսին արքայութիւնը մտնել, երբ ինք կ'անարգէ կամ չի պատուեր ու չի մեծարեր Արքային մայրը` Մարիամը:

 

Արքայ Յիսուսը երբեք իր արքայութենէն ներս պիտի չառնէ մէկը որ անարգանքով վերաբերած է իր Մօրը հետ, ճիշդ ինչպէս մենք պիտի չուզէինք մեր տուներէն ներս ընդունիլ մէկը որ չ'ընդունիր մեր մայրը կամ կ'անտեսէ զանիկա:

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան