27 Հուլիսի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԽՕՍՔԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ

Շաբաթ, 25 Յուլիս 2015-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեցին միջ-եկեղեցական ու աստուածաբանական կազմաւորման մասնակցող աւելի քան 50 համալսարանականներ։ Խումբին մաս կը կազմէին Լիբանանի, Եգիպտոսի, Սուտանի, Մարոքի և եւրոպական երկիրներու համալսարաններէ ներս աստուածաբանական դասընթացքներու հետեւող ուսանողներ, որոնք եկած էին Լիբանան միջ-եկեղեցական շարժումի պատմութեան ու անոր առնչուած ծրագիրներուն և առաջնահերթութիւններուն աւելի մօտէն ծանօթանալու։

Ողջունելով ուսանողներու ներկայութիւնը Վեհափառ Հայրապետը նախ գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը, շեշտելով, միջ-եկեղեցական շարժումին կարեւորութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը շուրջ ժամ մը տեւած իր դասախօսութեան ընթացքին լայնօրէն անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն.-

ա) Միջ-եկեղեցական շարժումը ներկայ աշխարհին քրիստոնէական կեանքէն ներս հրամայական անհրաժեշտութիւն է։ Համաշխարհայնացումը ոչ միայն կը մղէ եկեղեցիները իրարու հետ ըլլալու, միասին աղօթելու ու միասին գործելու, այլ նաեւ ու մանաւանդ քրիստոսի յաւիտենական պատգամին համաձայն, որ այնքան յստակօրէն արձանագրուած է աւետարանին էջերուն վրայ, եկեղեցիներ կոչուած են բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ ու յանձնառութեամբ մասնակից դառնալու միջ-եկեղեցական շարժումին։

բ) Ինչպէս եկեղեցին իր էութեամբ տեղական իրականութիւն մըն է՝ քրիստոս ըսաւ, թէ ուր որ մի քանի հոգիներ հաւաքուած են իմ անունովս ես հոն եմ, այնպէս ալ միջ-եկեղեցական շարժումը։ Բնականաբար միջ-եկեղեցական շարժումը իր համաշխարհային ու շրջանային կառոյցները ունի, սակայն, միջ-եկեղեցական շարժումը իր էութեամբ ու պատգամով պէտք է արտայայտուի տեղական-ծխային մակարդակի վրայ։ Անհրաժեշտ է սերտ առնչութիւն ու ներդաշնակութիւն յառաջացնել համաշխարհային ու շրջանային տեղական մակարդակներու միջեւ՝ շեշտը դնելով տեղականին վրայ։

գ) Միջ-եկեղեցական շարժումը ինքզինք կ’արտայայտէ զանազան կառոյցներու ու ծրագիրներու ճամբով, սակայն, միջ-եկեղեցական շարժումին նպատակը վեր է կառոյցներէ ու ծրագիրներէ։ Անոնք փոփոխական են ու ժամանակաւոր. մնայունը միջ-եկեղեցական շարժումին նպատակն է, որ եկեղեցւոյ միութիւնն ու եկեղեցւոյ առաքելութեան կենսաւորումն է։

դ) Միջ-եկեղեցական շարժումին առաջնահերթութիւնները պէտք է համապատասխանեն յարափոփոխ ժամանակներուն ու պայմաններուն։ Եկեղեցւոյ միութիւնն ու աւետարանչութիւնը ըլլալով մնայուն առաջնահերթութիւն, միջ-եկեղեցական շարժումը պէտք է այնպէս գործէ, որ իր ծրագիրները ըլլան համահունչ՝ եկեղեցիները ու ընդհանրապէս ընկերութիւնը յուզող հարցերը ու մարտահրաւէրներուն հետ։

ե) Ներկայ աշխարհի հրատապ հարցերու կողքին, միջ-եկեղեցական շարժումը պէտք է առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայէ միջ-կրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան։ Ընկերութեան կեանքին մէջ զանազան ձեւերով արտայայտուող բռնութեան, անհանդուրժողութեան, կրօնական ծայրայեղութեան, ինչպէս նաեւ կենսոլորտային և ընկերայ-բարոյական բազմաթիւ հարցերը մաս կը կազմեն միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական օրակարգերուն։ Բնականաբար յիշեալ հարցերը պէտք է դիտուին աստուածաբանական ու բարոյագիտական հայեցակէտով։

զ) Միջ-եկեղեցական շարժումը յառաջացաւ Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ օժտուած և տեսիլք ունեցող մարդոց կողմէ։ Այսօր, միջ-եկեղեցական շարժումը կարիքը ունի տեսիլք ու հաւատք ունեցող նոր անձերու։ Անոնք են, որ ծրագիրը կեանքի և հաւատքը առաքելութեան պիտի վերածեն, եթէ նայիք միջ-եկեղեցական շարժումի պատմութեան պիտի տեսնէք, որ այս շարժումին ռահվիրաները երիտասարդներ են։ Մեր սպասումն է, որ մեր երիտասարդները բոլոր եկեղեցիներէն ներս այս խոր գիտակցութեամբ մասնակից դառնան միջ-եկեղեցական շարժումին։

Դասախօսութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց միջ- եկեղեցական շարժումին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ու Հայ Եկեղեցւոյ մասին եղած հարցումներուն։

 

More News