25 Հուլիսի, 2015

ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

24 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Ազգային Ողիմպիականի կոմիտէի նախագահ՝ Տիար Գագիկ Ծառուկեանին: Նոյն օրը ժամը 6-ին, Ծառուկեան նաեւ այցելեց Անթիլիասի Մայրավանքին զանազան բաժանմունքները:

 

Վեհափառ Հայրապետին եւ Գագիկ Ծառուկեանի հետ հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի եւ Բերիոյ թեմերու առաջնորդները, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ ետք Ծառուկեանի ներկայութիւնը նկատել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ոչ միայն պատմական Աթոռ է, այլ նաեւ պատմական առաքելութիւն ունեցած է մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք կարեւոր դեր կատարած է Սփիւռքի մէջ` հայապահպանման, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշինութեան ու դպրոցաշինութեան աշխատանքներուն մէջ: Մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու ձեռքբերման գծով եւս, մեր Սուրբ Աթոռը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ Սփիւռքի մէջ, հաստատեց Վեհափառ Հայրապետը: Շարունակելով իր խօսքը` Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ Հայաստան-Սփիւռք կապը կը դիտենք մէկ համապարփակ ամբողջութեան մէջ, մասնակից դառնալով Հայաստանի հզօրացման համահայկական առաքելութեան, որովհետեւ կը հաւատանք, որ Հայաստանի հզօրացումը Սփիւռքի հզօրացումն է եւ փոխադարձաբար: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ երբ մեր ժողովուրդին դիմագրաւած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները համահայկական բնոյթ ունին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նախ ընելիք եւ ապա ըսելիք ունի: Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ աջակից եղած է Հայաստանի պետականութեան հզօրացման եւ Հայաստանի ժողովուրդի բարօրութեան նպաստող բոլոր ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն, եւ միշտ կը մնայ յանձնառու այս ուղղութեան:

 

Անդրադառնալով Ծառուկեանի կատարած բարեգործութիւններուն՝ եկեղեցաշինութեան եւ մարդասիրական բնագաւառներէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Գագիկ Ծառուկեանը, հայրենաշինութեան բերած անոր կարեւոր ներդրումին համար: Ան որ Հայաստանի հզօրացման, հայրենի ժողովուրդի կեանքի բարելաւման, Ղարաբաղի անկախութեան ամրապնդման եւ մեր ժողովուրդի ընդհանրական ու գերագոյն երազներու իրականացման իր մասնակցութիւնը կը բերէ, մեզի համար սիրելի ու գնահատելի անձ մըն է, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ կո՛չ ուղղեց համախմբուելու մեր գերագոյն արժէքներուն ու ձգտումներուն շուրջ:

 

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց վերջին հինգ տարիներուն տեղի ունեցած պատերազմին պատճառով Սուրիոյ հայութեան տագնապը եւ կարիքները:

 

Խօսք առաւ նաեւ Գագիկ Ծառուկեան: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Լիբանանի մէջ իր ներկայութեան համար: Ծառուկեան գնահատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայապահպանման ի նպաստ տարած յոյժ կարեւոր աշխատանքը: Ան ըսաւ, որ հպարտ է գտնուելուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի սիրտը հանդիսացող Լիբանանի հայ գաղութէն ներս: Ծառուկեան շեշտեց, որ մարդ արարածը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պէտք է օժանդակէ եւ աջակցի ազգին. Մեծի Տանն Կիլկիոյ Կաթողիկոսութեան կատարած իր այցելութեան առիթով, ան 500 հազար ամերիկեան տոլար նուիրեց Կաթողիկոսութեան ծրագիրներուն եւ սուրիահայութեան կարիքներուն: Ապա, ան արծաթեայ մեծ խաչ մը նուիրեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին: Նորին Սրբութիւնը իր կարգին Բարձրբերդի Աւետարանի սահմանափակ թիւով տպագրուած օրինակներէն մին յանձնեց հայրենի հիւրին:

 

More News